Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արհեստից Համալսարանականներու
Դասընթացք
6 եւ 7 յունիսին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր գրասենեակին մէջ կազմակերպուած է երկօրեայ դասընթացք` Երեւանի եւ մարզերուն մէջ գործող համալսարաններու արհեստից բաժանմունքներու ուսանողներուն համար: Դասընթացքին ներկայացուած են ռատիոհասանելիութեան ցանցին, շարժական փոխ կապակցութեան կեդրոնին ու համակարգին, ինչպէս նաեւ բջիջային հեռահաղորդակցութեան համակարգի այլ առանցքային բաղադրիչներու վերաբերող նիւթեր: Ուսանողները նաեւ կարելիութիւն ունեցան ականատես ըլլալու կայաններու օգտագործման, ինչպէս նաեւ սարքաւորումներու գործունէութեան` այցելելով տուեալ կեդրոններ:
Դասընթացքը վարած են ընկերութեան արհեստից վարչութիւններու մասնագէտները:
Շարլ Ազնաւուրը Իր Ներկայութեամբ
Պիտի Պատուէ «Ոսկէ Ծիրան»
10-րդ Շարժապատկերի Փառատօնը
Ֆրանսահայ նշանաւոր երգահան-արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր ներկայ պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ 7-14 յուլիսին տեղի ունենալիք 10-րդ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի բացման: Փառատօնին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ ցուցադրութիւնը այն ժապաւէններուն, որոնց մէջ դերեր ստանձնած է Շարլ Ազնաւուր, իսկ փառատօնի բացումը պիտի ազդարարուի յայտնի երգիչին մասնակցութեամբ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի «Կրակել դաշնակահարին վրայ» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ:
«Ոսկէ ծիրան» 10-րդ միջազգային փառատօնին կ՛աջակցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի դեսպանութիւնները, որոնք պիտի ստանձնեն փառատօնի ծրագիրներու որոշ մասի հովանաւորութիւնը, յայտնած է «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանը: Փառատօնը այս տարի պիտի սկսի եւ աւարտի ֆրանսական ժապաւէններով: Ֆրանսայի դեսպանութեան հետ համագործակցութեան շնորհիւ կարելի եղած է կապ հաստատել ֆրանսացի նշանաւոր անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին` հայազգի շարժապատկերի գործիչ Սերժ Աւետիքեանի, շարժապատկերի քննադատ Ժան Ռատուանի եւ արտադրիչ Էտիթա Եանչակ-Հիրիարտի հետ:
Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն յայտնած է, որ իրենք ուրախ են աջակցելու «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին, որուն ընթացքին պիտի հիւրընկալուի հռչակաւոր բեմադրիչ Կոտֆրի Ռեճիոն, որ վարպետութեան դասեր պիտի տայ Երեւանի մէջ: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերային իմաստով աջակցութեան փաստը` նշելով, որ այս տարուան համար պատրաստուած է 11 ժապաւէն` հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման նիւթով:
Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելեց
Շուշիի Նոր Գորգագործական Կեդրոն
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 յունիսին այցելած է Շուշի քաղաք. առաջին հանգրուանը եղած է գորգագործական կեդրոնը, ուր ծանօթացած է տարուած աշխատանքներուն: Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է այս ճիւղին զարգացումը` շրջանի տնտեսութեան յառաջընթացի ապահովման եւ Արցախի մշակոյթը արտաքին աշխարհին ներկայացնելու իմաստով:
Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան այցելած է Շուշիի մէջ բնակելի շէնքերու, արհեստագործական ուսումնարանի եւ Հայաստանի ազգային երկրագործական համալսարանի Շուշիի մասնաճիւղի շինհարթակ, ծանօթացած է իրականացուող աշխատանքներուն: Նախագահը ընդգծած է, որ` «մեր նպատակն է վերականգնել Շուշիի` իբրեւ կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնի երբեմնի փառքը, եւ այդ գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենան այս ուսումնական հաստատութիւնները»:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
Երաժշտութեան Օրը Նուիրուած Է
Էտիթ Փիաֆին
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Երաժշտութեան օրուան կայացման: Հայաստան արդէն 6-րդ անգամն ըլլալով կը մասնակցի այդ հրաշալի տօնին: Յիշեցնենք, որ Երաժշտութեան օրը տեղի կ՛ունենայ տարուան ամէնէն երկար օրը` յունիս 21-ին: Այս տարի անիկա նուիրուած է ֆրանսացի նշանաւոր երգչուհի Էտիթ Փիաֆին:
Տեղեկացնենք, որ Ֆրանսա այս տօնը կը նշէ 32-րդ անգամն ըլլալով, իսկ այս տարի ձեռնարկին ծիրը ընդարձակուեցաւ եւ ներառեց մեծաթիւ նոր մասնակիցներ: «Երաժշտութեան նկատմամբ սէրը Հայաստանը եւ Ֆրանսան միացնող գիծերէն է, որուն վկան ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի գործունէութիւնն է», ընդգծած է դեսպանը:
Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան դիտել տուած է, որ նախարարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս նախաձեռնութեան` զայն նկատելով ժողովրդավարական տօն, որ բարեբախտաբար տեղի կ՛ունենայ ոչ միայն մայրաքաղաքին, այլ նաեւ մարզերուն մէջ:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ «Օրանժ Արմէնիա»-ի գլխաւոր տնօրէն Ֆրանսիս Ժելիպերթը ընդգծած է, որ ընկերութիւնը 4-րդ անգամն ըլլալով կ՛աջակցի Երաժշտութեան տօնի կայացման:
Սուրիահայերը Մտադիր Են Մնայուն
Բնակութիւն Հաստատել Ղարաբաղի Մէջ
Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով հազարաւոր հայեր ուղղուեցան եւ հաստատուեցան Հայաստան: Անոնցմէ ոմանք արդէն տեղաւորուած, աշխատանք գտած են, իսկ մեծաթիւ անձեր աշխատանք չգտնելու պատճառով ստիպուած են երկրորդ անգամ արտագաղթել, այս անգամ ոչ թէ կրկին դէպի Սուրիա, այլ ուրիշ երկիրներ:
Նշենք, որ մօտաւորապէս 37 սուրիահայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, հիմնականօրէն` Քաշաթաղ շրջանին մէջ: «Առաջին լրատուական»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան նախագահ Ռոպերթ Մաթեւոսեան յայտնած է, որ աւելի մեծ թիւով մարդիկ կ՛ուզեն երթալ եւ հաստատուիլ Ղարաբաղի մէջ, սակայն այդքան կարելիութիւն իրենք եւս չունին. «Հիմա պատրաստ բնակարաններ ալ չկան, պիտի կառուցուին, տակաւին դիմողներ կան. մօտաւորապէս 5-6 ընտանիք Երեւանէն դիմած են. եթէ կարենանք այդ խումբը տեղաւորել, արդէն պիտի գայ յաջորդ խումբը»:
Ան նշած է, որ անխտիր բոլորը աշխատանք ունին արդէն. «Ոմանք կ՛ուզեն աշխատիլ, բայց հողագործութեամբ չեն ուզեր զբաղիլ, քաղաքներու մէջ կը բնակին եւ այլ աշխատանք կ՛ապահովեն»:
Մաթեւոսեան աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը փորձեն ամէն ձեւով օժանդակել, քաջալերել սուրիահայութեան գալուստը:
Սուրիահայերը մտադրութիւն ունին Ղարաբաղի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատելու, անոնց մեծ մասը արդէն արձանագրուած է, փոքրիկները դպրոց կը յաճախեն. «Յատուկ առանձնացուած ուսուցիչներ կան, որոնք փոքրիկներուն հետ առանձին դասաժամերով կը զբաղին` լեզուական անհարթութիւնները շտկելու համար: Անոնց մէկ մասը չի կրնար Հայաստանի մէջ իր կեանքը ապահովել` աշխատանքի եւ բնակավայրի հարցեր կան: Իսկ միւս մասն ալ ըսած է, որ իրենց մանկութեան երազն էր Ղարաբաղի մէջ ապրիլը»:
Ռ. Մաթեւոսեան աւելցուցած է, որ անոնց մէջ կան կահագործներ, բժիշկներ, արհեստաւորներ, ինչպէս նաեւ` հողագործութեամբ զբաղող մարդիկ:
Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ Հայաստանի Մէջ Քոնեաքագործութեան Նուիրուած Դրոշմաթուղթը
Յունիս 18-ին Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ քոնեաքագործութեան նուիրուած դրոշմաթուղթը: Անոր վրայ պատկերուած է քոնեաքով լի բաժակ, խաղողով զամբիւղ եւ հին քանդակ, որուն վրայ կ՛երեւին թագաւորի զգեստով երկու տղամարդեր` խմիչքի գաւաթը իրենց ձեռքին: Դրոշմաթուղթին հեղինակն է Վահագն Մկրտչեանը: 300 դրամ անուանագիր ունեցող այս դրոշմաթուղթը տպագրուած է Ֆրանսայի «Քարթոր» տպարանին մէջ, 40 հազար տպաքանակով: «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայփոսթ» ընկերութեան միջազգային յարաբերութիւններու եւ ֆիլաթելիայի միաւոր»-ի ղեկավար Աննա Ղուկասեան նշած է, որ պիտի շարունակուի նախորդ տարի լոյս տեսած հայկական այբուբենին նուիրուած դրոշմաթուղթերուն շարքը` այս տարի համալրելով յաւելեալ եօթը դրոշմաթուղթ: «Աւանդական արուեստներու թեման մենք կը պահպանենք` ներկայացնելով Հայաստանի մէջ յայտնի արտադրութիւնները», յայտնած է ան:
Ղուկասեան նաեւ նշած է, որ արդէն համաձայնութիւն կայացած է եւ շուտով շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթերուն շարքը: Ղուկասեանի համաձայն, հրապարակուած են նաեւ 8 միացեալ դրոշմաթուղթեր` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ֆրանսայի, Արժանթինի, Պուլկարիոյ եւ այլ երկիրներու հետ: «Միացեալ հրապարակումները Հայաստանի մէջ բաւական լաւ են: Ունինք լոպիինկ կատարող համայնքներ, որոնք մեզի շատ կ՛օգնեն», աւելցուցած է ան:
Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիան`
Համաեւրոպական Ակադեմիաներու Անդամ
Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիան դարձած է Համաեւրոպական ակադեմիաներու (ALLEA) անդամ: ԳԱԱ-ի տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոնէն յայտնած են, որ այս կազմակերպութեան անդամակցիլը հայ գիտնականներուն համար նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ` գիտական փոխանակման, միջազգային հեռանկարային ծրագիրներու մէջ ընդգրկուելու առումով:
Նշենք, որ Համաեւրոպական ակադեմիաներու համախմբումը հիմնադրուած է 1994 թուականին: Անիկա գիտութիւններու ազգային ակադեմիաներու համախորհուրդ է, որ կը միաւորէ 40 եւրոպական երկիրներ:
Հայաստանի Մէջ 21 Յուշարձաններ
Պիտի Վերականգնուին
Հայաստանի 2013-ի պետական պիւտճէին մէջ գումարներ յատկացուած են 21 յուշարձաններու վերականգնման, նորոգութեան եւ ամրակայման համար: Այդ ցանկին մէջ ներառուած են` Աղջոց վանքը, Խոսրովի արգելոցը, Գոշավանքը, Տեղ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցին, Զովունի բնակատեղին, Արուճի համալիրը, Գեղարդավանքը, Ս. Յովհաննէս եկեղեցին` Կամարիս գիւղին մէջ:
Բացի ատկէ, Հայաստանի կառավարութիւնը իր 20 յունիսի նիստին որոշած է 13 յուշարձաններու համար եւս յայտարարել ոչ թէ մրցոյթ, այլ ծրագիրի գործադրողը ընտրել բանակցային գործընթացով:
Այս յուշարձաններէն Ոսկեվազ գիւղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ, Հարթաւան գիւղի Աստուածընկալ վանքի, Իրինդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Քոբեր կայարանի Քոբայրավանքի, Խաչիկ գիւղի Քարկոփի վանքի, Բջնի գիւղի Բջնոյ ամրոցի վերականգնողական աշխատանքները սկսած են 2005-2006-ին, շարունակուած են հետագայ տարիներուն եւ արդէն մօտեցած են աւարտական հանգրուանին: 2009-2011-ին սկսած են եւ կը շարունակուին Այգեշատ գիւղի Թարգմանչաց եկեղեցւոյ, Լոռի բերդ գիւղի «Լոռի բերդ» ամրոցի, Ալավերդի քաղաքի Սանահին վանքի, Գօշ գիւղի Մ. Գօշի դամբարանի, իսկ 2012-ին սկսած եւ 2013-ին աւարտական հանգրուանին թեւակոխած են Վաղատին գիւղի Որոտնավանքի վերականգնման աշխատանքները:
2012 թուականին վերականգնուող յուշարձաններու ցանկին մէջ իր պատմաճարտարապետական արժէքով իւրայատուկ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Սանահին վանական համալիրը: Անոր վերականգնողական աշխատանքներուն զուգընթաց, համաձայն նախագիծին, պէտք է մշակուին եւ գործադրուին նաեւ յուշարձաններու տանիքներու բուսածածկի, տեղումներու ջուրերու դէպի յուշարձան ներթափանցումը կանխարգիլող միջոցառումներ:
Ջաւախքի Մասին Լոյս Տեսան
Երկու Նոր Գիրքեր
Լոյս տեսած են Ջաւախքի մասին երկու նոր գիրքեր: Առաջինը «Հայոց հիւսիսային դարպասները. Ջաւախք, Լոռի» մատենաշարի 9-րդ գիրքն է, ուր կան յօդուածներ, արխիւային եւ այլ նիւթեր: Գիրքը կարելի է տեսնել http://www.javakhk1915-23.com կայքին վրայ` հետեւեալ հասցէով.
http://www.javakhk1915-23.com/files/Javakhk_Lori_9.pdf եւ Books.Javakhk.net Ջաւախքի գրադարանի հետեւեալ հասցէով. http://ru.scribd.com/doc/146143462/Northern-Gates-to-Armenia-JAVAKHK-LORI-in-Armenian-Part-9
Երկրորդ գիրքը անուանի գրող Մկրտիչ Սարգսեանի «Դէպի լեառն Աբուլ» խորագիրը կը կրէ. հոն կան Մ. Սարգսեանի (1924-2002) ջաւախքեան նիւթով գրուած ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջ պատկերուած են Ջաւախք լեռնաշխարհի բազմերանգ գոյները եւ բոյրերը, անոր բնակիչներուն ինքնատիպ նկարագիրը: Առանձին բաժիններով գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Ջաւախքի գրական գործիչներուն նուիրուած խորհրդածութիւններ, յուշեր, գրախօսականներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ վրացիներուն եւ վրացի գրողներուն առնչուող յօդուածներու շարքը:
Գիրքը կարելի է տեսնել Books.Javakhk.net Ջաւախքի անհատական գրադարանի հետեւեալ հասցէով.
Բոլոր ջաւախքասէրները կարելիութիւն պիտի ունենան վերոնշեալ երկու գիրքերը ունենալու նաեւ տպագրուած:
Հայաստանի Ներկայացուցիչը Մրցանակակիր
Ճանչցուած Է Եունեսքօ–ի Խաղաղութեան
Միջազգային Օրուան Կապակցութեամբ
Յայտարարուած Մրցոյթին
Հայաստանի ներկայացուցիչ, Երեւանի պետական համալսարանի աշխարհագրութեան եւ երկրաբանութեան բաժանմունքի 3-րդ տարուան ուսանող Մհեր Ղալումեանը 8 մասնակիցներու մէջ ճանչցուեցաւ 2012-ի Խաղաղութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարած մրցոյթին մրցանակակիր:
14-25 տարեկան երիտասարդներու համար կազմակերպուած մրցոյթին, որ կը նպատակադրէր միջազգային հանրութեան ներկայացնել մասնակիցներուն տեսլականը խաղաղութեան կառուցման մասին: Մրցոյթին մասնակցեցան հազարաւոր երիտասարդներ: Էսսէ, վիտէօ, լուսանկարչութիւն եւ կրաֆիքական նկարչութիւն բաժանմունքներու անցած մրցոյթին հայ մասնակիցը ներկայացած էր «Մայ ֆէյրի թէյլ» խորագրով տեսահոլովակով:
Մհեր Ղալումեանի աշխատանքին ներկայացումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կարելի դարձաւ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործերով Հայաստանի ազգային յանձնախումբի եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ակումբներու հայկական միութեան նախագահ Մհեր Գաբրիէլեանի համագործակցութեան եւ միացեալ ջանքերու շնորհիւ: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտներէն կազմուած դատական կազմը գնահատած է ներկայացուած աշխատանքները` նկատի առնելով հեղինակներուն անհատական եւ ստեղծագործական մօտեցումները խաղաղութեան մշակոյթի արժէքները բացայայտելու գործին մէջ:
Տեղեկացնենք, որ Խաղաղութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի յայտարարած մրցոյթը իրականացուեցաւ` յանուն խաղաղութեան մշակոյթի եւ ընդդէմ բռնութեան խորագրով գործողութիւններու ծրագրի շրջանակներուն մէջ, որ ընդունուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր խորհրդաժողովի 36-րդ համաժողովին կողմէ:




