Էրտողանի Հասկցած «Ժողովրդավարութիւն»-ը Եւ Նոր Աշխարհակարգի «Ժողովրդավարական» Երկդիմութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

1990-ականներու կէսերուն, երբ տակաւին Պոլսոյ նահանգապետն էր եւ նոր սկսած էր թրքական պետութեան ղեկին տիրանալու իր յաղթարշաւը, Թուրքիոյ այսօրուան վարչապետը` Ռեճեփ Էրտողան առիթով մը հետեւեալ պատկերաւոր սահմանումը տուած էր ժողովրդավարութեան իր ըմբռնումին եւ… «յանձնառութեան».

– «Ժողովրդավարութիւնը նման է «թրամ»-ի (tram). կը քշես, մինչեւ որ տեղդ հասնիս. յետոյ դուրս կու գաս»…

Օրին թերեւս շատեր կարիքը չէին զգացած կարեւորութեամբ ընկալելու եւ միտք պահելու Թուրքիոյ քաղաքական իսլամականութեան այդ երիտասարդ գործիչին գաղափարախօսական այսօրինակ ճարտասանութիւնը:

Այսինքն նկատի չառնուեցաւ, որ Թուրքիոյ նոր բարձրացող քաղաքական աստղին համար ժողովրդավարութիւնը ինքնարժէք չէր, ոչ ալ` ինքնանպատակ: Այլ պարզապէս միջոց էր տեղ հասնելու…

Ընդհակառակն, Թուրքիոյ քաղաքական-պետական իշխանութեան բուրգէն վեր բարձրանալու իր առաջին իսկ քայլերէն Էրտողան արագօրէն տիրացաւ գործնական եւ օգտապաշտ գործիչի համբաւին, որ արեւմտեան արեւելումով չափաւոր իսլամականութեան մը «արժանաւոր դրօշակիր»-ը հռչակուեցաւ:

Էրտողանի ղեկավարած թրքական պետութիւնը դասուեցաւ ազատ-շուկայական եւ ժողովրդավարական «յանձնառութեամբ» արագ զարգացում ապրող օրինակելի երկիրներու շարքին:

Իսկ միջազգային հանրային կարծիքը առաջնորդող ուժերը մտահան ըրին ժողովրդավարութիւնը այդպէ՛ս` պատեհապաշտօրէն ընկալող եւ իմաստաւորող Էրտողանի քաղաքական նկրտումները:  Նախ, անշո՛ւշտ, արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ, օսմանեան անցեալը իր կայսերապետական «փառք»-ով վերականգնելու յաւակնութիւններով հանդերձ, որոնց անընդունելի ապացոյցը տուին Սուրիոյ դէմ կատարուած թրքական ոտնձգութիւնները: Ապա` ներքին ճակատի վրայ, իր իշխանութեան ամրապնդումը խանգարող ամէն կարգի դժգոհութիւնները, յատկապէս ազգային ու կրօնական փոքրամասնութեանց իրաւունքներն ու արդարացի պահանջները բրտօրէն ճնշելու Էրտողանի վարքագիծով:

Փաստօրէն, Էրտողանի իշխանութեան հաստատումէն 11 տարի ետք, Թուրքիա դարձած է քաղաքական բանտարկեալներու ամէնէն մեծ տոկոսը ունեցող ոստիկանական պետութիւն մը` «թրամ»-ի ժողովրդավարութեան» անունով…

Բայց կացութիւնը յանկարծակի շրջուեցաւ, երբ Պոլսոյ Թաքսիմի հրապարակէն սկսեալ ամբողջ Թուրքիան ցնցած վերջին տասնօրեակի բողոքի ցոյցերն ու ոստիկանական բիրտ ճնշումի տակ թափ առած խռովութիւնները եկան սթափեցնելու բոլորը:

Յատկապէս արեւմտեան դէտերը ի վերջոյ մտաբերեցին, որ 2002-ի նոյեմբերին խորհրդարանական ընտրութեանց իր առաջին յաղթանակը արձանագրած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում նորաստեղծ կուսակցութեան երիտասարդ առաջնորդը` Էրտողան, իր աջին ունենալով Թուրքիոյ այսօրուան նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը, ի սկզբանէ «իւրով»-ի հասկցած էր ժողովրդավարութիւնը:

Էրտողանի եւ քաղաքական իսլամին դրօշը օգտագործող Թուրքիոյ այսօրուան ղեկավարութեան համար ժողովրդավարութիւնը սոսկ միջոց է հասնելու ամբողջատիրական վարչաձեւի մը հաստատումին:

Պատահականօրէն չէ, որ վերջին օրերուն վարչապետ Էրտողան յաճախակի կը յոխորտայ, թէ իր իշխանութեան դէմ բողոքի ցոյցեր ծաւալած հազարաւորները չեն վախցներ զինք, որովհետեւ 2011-ին երրորդ անգամ խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գալով` ինք եւ իր կուսակցութիւնը ապահոված էին ընտրազանգուածի աւելի քան 49 տոկոսին վստահութեան քուէն եւ այդ համակիր զանգուածին մէջ, իբր թէ, կը կայանայ Թուրքիոյ… «իսկական ժողովրդավարութիւնը»:

Ողբերգութիւնը այն չէ, որ Նոր աշխարհակարգը առաջնորդող մեծապետական Արեւմուտքը շատ ուշ անդրադարձաւ գործուած չարիքին: Մինչեւ որ իր վերլուծաբաններն ու քաղաքական բանբերները սկսին ահազանգ հնչեցնելու Էրտողանի հասկցած «ժողովրդավարութեան» կեղծիքին ու ներկայացուցած վտանգին դէմ, թրքական պետութիւնը առիթէն օգտուեցաւ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերականգնեց երբեմնի օսմանեան Թուրքիոյ կայսերական «հեղինակութիւն»-ը`

– Իբրեւ տնտեսապէս արագ զարգացող երկիր:

– Իբրեւ տնտեսական ընկրկում ապրող Եւրոպան «աշխուժացնելու» կոչուած մարդկային եւ նիւթական պաշարներ ունեցող երկիր:

– Իբրեւ իր անմիջական դրացիները ուժեղ ու արդիական բանակի սպառնալիքին տակ սանձող մեծապետական ուժ` Հայաստանն ու Յունաստանը, Պալքաններն ու արաբական աշխարհը «կարգի հրաւիրել»ով…

– Իբրեւ քրտական եւ կիպրական «ծայրայեղականութիւն»ը սանձող շրջանային ոստիկան ուժ:

Միամիտ կամ կարճատես պէտք է ըլլալ չտեսնելու եւ չանդրադառնալու համար, որ Նոր աշխարհակարգը հունաւորող մեծապետական ուժերը, Էրտողանի քաղաքական ասպարէզի սկզբնաւորութենէն իսկ, քաջատեղեակ էին 21-րդ դարասկիզբի նորատիպ այս «աթաթուրք»-ի բուն դիտաւորութիւններուն:

Իրենց երկդիմի ժողովրդավարութեամբ, մեծապետական աշխարհի ղեկավար ուժերը իրենց նեղ ու անմիջական շահերէն անդին չուզեցին սեւեռել սակայն:

Մերձաւոր Արեւելքի փոքր պետութեանց կամ ժողովրդավարական անհրաժեշտ մշակոյթէն ու կռուաններէն զրկուած ժողովուրդներու հաշուոյն` մեծապետական աշխարհը կանաչ լոյս բացաւ Էրտողանի առջեւ` 19-րդ դարավերջի եւրոպական մեծ տէրութեանց պէս մտածելով, թէ որեւէ ատեն ի վիճակի են սանձելու եւ կարգի հրաւիրելու սուլթանական յաւակնութիւնները:

Արդեօք պատմութիւնը դարձեա՞լ կը կրկնէ ինքզինք:

Ինչպէս բնութեան մէջ, նոյնպէս եւ քաղաքական կեանքի պարագային բացառուած չեն ամէն կարգի հաւանականութիւնները:

Այդ իմաստով Նոր աշխարհակարգի այսօրուան վարիչները թերեւս ի վիճակի են հակակշռելու Էրտողանը, որ, ի դէպ, նաեւ առողջական լուրջ դժուարութիւններ ունի, իսկ Թուրքիոյ գործող սահմանադրութեամբ` իրաւունք չունի չորրորդ շրջանի համար ստանձնելու երկրի վարչապետութիւնը:

Բայց սահմանադրական այդ արգելքը շրջանցելու առումով, Էրտողանի զինանոցը հարուստ է ելքերով: Ինչպէս Ռուսիոյ մէջ պատահեցաւ, Թուրքիոյ վարչապետն ու նախագահը կրնան իրենց աթոռները փոխանակել եւ իրարու համար տեղը տաք պահել… Կամ` մինչեւ իսկ սահմանադրութիւնը «ժողովրդավարականօրէն» փոխել եւ, ինչպէս պատահեցաւ «եղբայր» Ազրպէյճանի մէջ Ալիեւի պարագային, ցկեանս վարչապետութեան իրաւունք արտօնել Էրտողանի համար եւս:

Ծանրակշիռը ա՛յն է, որ «Թրքական գարնան» մօտալուտ գալուստին մասին աւետիս տուողներուն ի պատասխան` Էրտողան կրկնելով կը կրկնէ, թէ իր վայելած «ժողովրդավարական մեծամասնութեամբ» ինք պիտի ճզմէ ոչ թէ «գարուն», այլ «ձմեռ» բերելու փորձ կատարող «հակաժողովրդավարները»…

Մեծապետական աշխարհի երկդիմի «ժողովրդավարութեան» մահաբեր արեան հոտը կու գայ իր ժամանակը սպառած Էրտողանէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )