Օճալան Հակառակ «Խոչընդոտներուն» Քրտական Հարցին Լուծման Առնչութեամբ Վճռակամութիւն Կը Յայտնէ
ՔԱԿ-ի արգելափակուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան վճռակամութիւն յայտնեց քրտական հարցի լուծման ընթացող հոլովոյթին յաջողութեան համար աշխատելու առումով, հակառակ կարգ մը շրջանակներու յարուցած «խոչընդոտներուն»:
Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութենէն երկու փաստաբաններու ճամբով իր ուղարկած պատգամին մէջ Օճալան յայտնեց, որ «ես վճռակամ եմ այս հոլովոյթը շարունակելու, հակառակ կարգ մը ուժերու յարուցած խոչընդոտներուն: Եւ կը հաւատամ, որ պիտի յաջողինք»:
Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ եւ կուսակցութեան խորհրդարանական պլոքի փոխնախագահ Փերվին Պուլտան երկուշաբթի օր այցելեցին Մարմարա ծովուն մէջ գտնուող Իմրալը կղզի, ուր հանդիպում ունեցան ՔԱԿ-ի ղեկավարին հետ:
Օճալան թրքական կառավարութեան հետ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ 21 մարտին ՔԱԿ-ի զինեալներուն կոչ ուղղած էր Թուրքիայէն Հիւսիսային Իրաք հեռանալու:
«Կը յուսամ, որ պետութիւնը երկրորդ հանգրուանին վերաբերեալ մեր առաջարկները ճիշդ կը գնահատէ եւ ճիշդ եզրակացութիւններու կը յանգի», ըսաւ Օճալան` աւելցնելով, որ իր առաջարկները «Թուրքիոյ (բնակչութեան) գրեթէ 90 առ հարիւրին» ի շահ են:


