Վրաստան Եւ Իսրայէլ «Ռազմավարական Յարաբերութիւնները» Ընդլայնելու Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Իվանիշվիլի եւ Փերես

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ «ռազմավարական յարաբերութիւնները» ընդլայնելու համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Իվանիշվիլի վրացի ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարն է, որ Երուսաղէմ կ՛այցելէ երկկողմանի ճգնաժամէն ետք, որ ստեղծուած էր 2010-ին Վրաստանի մէջ երկու իսրայէլացի գործարարներու ձերբակալութենէն ետք:

«Դուք ժամանած էք Իսրայէլ, որ կը հանդիսանայ Վրաստանի իրական բարեկամը: Մեր երկիրները հին, բարի եւ սերտ յարաբերութիւններ ունին», ըսած է Փերես` շնորհակալութիւն յայտնելով Վրաստանի հրէական համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան համար:

Վրացական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ, սփիւռքի հարցերով պետական նախարար Քոնսթանթին Սուրկուլածէ, տնտեսութեան նախարար Կէորկի Քվիրիկաշվիլի եւ ուրիշներ:

Անցեալ շաբաթ տեղեկութիւն տարածուած էր, որ Վրաստան կ՛ուզէ Իսրայէլէն հակահրասայլային հրթիռներ եւ առանց օդաչուի թռչող սարքեր գնել: Կ՛ենթադրուի, որ վարչապետին այցելութենէն ետք Իսրայէլ այցելէ նաեւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիա:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )