Քաթարի Իշխանը Իշխանութիւնը Յանձնեց Իր Որդիին
Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանութիւնը յանձնեց գահաժառանգ շէյխ Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի:
Քաթարի պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած ուղերձի մը ընթացքին ան յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ նոր սերունդը ստանձնէ իշխանութեան ղեկը:
Ան ժողովուրդին ուղղուած իր խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ «կը յայտարարեմ, որ իշխանութիւնը շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի կը յանձնեմ»:
«Կատարելապէս վստահ եմ, որ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ առաքելութիւնը կատարելու կարողութիւնը ունի ու վստահութեան արժանի է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր որոշումը «երիտասարդ ղեկավարութեան» մը դիմաց դուռ բանալու համար է:
Շէյխ Համատ ըսաւ, որ ինք երբեք իշխանութեան ինքնանպատակ ձեւով չէ ձգտած, այլ` «ի շահ ժողովուրդին»:
Պետական պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ ցոյց տուաւ քաթարցիներ, որոնք երէկ յայտարարուած արձակուրդէն օգտուելով` իշխանական պալատին մէջ կ՛ողջունէին նախկին եւ նոր իշխանները:
Այսօր շէյխ Համատ եւ շէյխ Թամիմ պալատին մէջ պիտի հիւրընկալեն քաթարցի քաղաքացիներ, որոնք իրենց «հաւատարմութեան երդումը» պիտի տան նոր իշխանին:
Ալ Թանի ընտանիքը 150 տարիէ ի վեր կ՛իշխէ Քաթարի: Շէյխ Համատ 1995-ին զինեալ ուժերու, նախարարաց խորհուրդին եւ դրացի երկիրներու օժանդակութեամբ իր հօր դէմ խաղաղ յեղաշրջումի մը ճամբով տիրացաւ իշխանութեան:
33-ամեայ շէյխ Թամիմ 1997-ին աւարտած է Բրիտանիոյ Շերպոռն երկրորդական վարժարանը, իսկ 1998-ին բրիտանական «Սէյնթ Հըրսթ» զինուորական ակադեմիան: Օգոստոս 2003-ին ստանձնեց գահաժառանգի պաշտօնը, երբ եղբայրը` շէյխ Ժասեմ պըն Համատ Ալ Թանի հրաժարեցաւ այդ իրաւունքէն:
Վերլուծաբաններ անհաւանական կը նկատեն, որ ան շեղի իր հօր որդեգրած քաղաքականութիւններէն: Արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը նախատեսուի, որ Քաթար պահէ Արեւմուտքին հետ իր դաշինքը եւ շարունակէ Սուրիոյ եւ արաբական այլ երկիրներու մէջ իր գործունէութիւնը: Բայց եւ այնպէս, ան նաեւ պիտի ժառանգէ լարուած յարաբերութիւններ Ծոցի շրջանի դրացիներուն, մասնաւորաբար Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ, որոնք զայրացած են շրջանին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող Իսլամ եղբայրներու շարժումին հետ Քաթարի սերտ յարաբերութիւններէն:


