Էրտողան Եւ Օպամա Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերու Եւ Ազատ Մամուլի Հարցերը Կը Քննարկեն

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան  24 յունիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ «երկարատեւ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է:

Սպիտակ տունը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ Էրտողան ներկայացուցած է կացութիւնը Թուրքիոյ մէջ, ուր 31 մայիսէն ի վեր ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի կ՛ունենան:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Էրտողան Օպամային տեղեկութիւններ տուած է Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն վերաբերեալ: Երկու ղեկավարները ընդգծած են որեւէ երկրի համար խօսքի ազատութեան եւ բռնութիւն չպարունակող ցոյցեր ու հաւաքներ կատարելու կարեւորութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «երկու ղեկավարները քննարկած են բռնարարքներէ զերծ մնալու, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան, հաւաքի եւ ազատ մամուլի կարեւորութիւնը»: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ իր կարգին յայտնած է, որ զրոյցը շատ դրական էր:

Երկու ղեկավարները նաեւ քննարկած են Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ սուրիական ընդդիմութեան  յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու հարցը:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ երկու ղեկավարները քննարկած են Սուրիոյ հարցը, «ներառեալ` վարչակարգին կողմէ իր սեփական ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնքերու օգտագործումը»: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որ շարք մը պաշտօնատարներ երկարատեւ նկատեցին, նաեւ կեդրոնացած է թուրք-ամերիկեան հասարակաց «յանձնառութեան վրայ` ձգտելու քաղաքական լուծումի մը (եւ) ընդդիմութեան յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելուն»:

Էրտողան. «Կեզիի Ցոյցերուն Ճամբով
Թրքական Տնտեսութեան Դէմ
Գործողութիւնը Ձախողեցաւ»

Էրտողան յայտնեց, որ Կեզի հանրապարտէզին հարցով ցոյցերու ճամբով Թուրքիոյ տնտեսութեան դէմ լուրջ գործողութիւն մը ձախողեցաւ: «10,5 տարուան ընթացքին մեր կատարած արմատական բարեփոխումները արգելք հանդիսացան, որ այս գործողութիւնը յաջողութեան հասնի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ներդրողները կը շարունակեն մեր երկրին տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան եւ ապագային վստահիլ»:

Ան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական պլոքի ժողովին ընթացքին գործիչներու խմբակները զգուշացուց պաշտօնատարներու պարտականութեանց վերաբերեալ կառավարութեան որոշումներուն միջամտելէ: «Ամէն մարդ իր տեղը պէտք է գիտնայ, ոչ ոք կրնայ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան այս ոճով խօսիլ», ըսաւ ան` անդրադառնալով Պոլսոյ կառավարիչը պաշտօնազրկելու կոչերուն:

«Սկիզբէն ի վեր, անոնք, որոնք այս ցոյցերը գրգռեցին, ժողովուրդին չդիմեցին, փոխարէնը (ցոյցերուն մասին) անգլերէնով գրեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ցուցարարները միջազգային խմբակներու եւ լրատուամիջոցներու դիմած էին:

Էրտողան պնդեց, որ ինք եւ իր կուսակցութիւնը իրենց իշխանութեան 10,5 տարուան ընթացքին նախանձախնդիր եղած են ժողովուրդին 100 առ հարիւրը ներկայացնելու:

«Որեւէ փոքրամասնութիւն չի կրնար գրաւել Կեզի հանրապարտէզը, որ հասարակութեան կը պատկանի», յայտնեց Էրտողան` նշելով, որ «անոնք գիտէին, որ ժողովուրդը չեն կրնար խաբել»:

«Անոնք, որոնք մեր հաւաքներուն ընթացքին փողոցները հաւաքուեցան, չկողոպտեցին, չքանդեցին: Անոնք հրապարակներուն վրայ փոխանակ բռնութեան դիմելու իրենց կարծիքը ժողովրդավարական ձեւով յայտնեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «բռնարարքը երբեք յաղթանակ չի բերեր, անիկա կը լուսանցքայնացնէ: Անոնք, որոնք բռնարարքներու կը դիմեն, ձախողութեան դատապարտուած են»:

Էրտողան դարձեալ զօրակցութիւն յայտնեց ոստիկանութեան` նշելով, որ «ոստիկանութիւնը այդ պանդոկները առանց պատճառի յարձակումի չենթարկեց: Անոնք հրապարակներուն վրայ բախում ունեցան ոստիկաններուն հետ եւ այդ հրապարակներէն փախուստ տուին, իսկ պանդոկներու սեփականատէրերը լաւ հիւրընկալութիւն ցուցաբերեցին»: Ան այդ հիւրընկալութիւնը «աջակցութիւն եւ քաջալերանք» նկատեց:

Թուրքիոյ վարչապետը յայտնեց, որ ցուցարարները ոստիկանութեան դէմ յարձակում գործեցին` օգտագործելով կրանիթեայ քարեր, սակայն լրատուամիջոցները ոստիկանութեան դէմ գործուած բռնարարքները ցոյց չտուին:

Էրտողան ըսաւ, որ «իմ ոստիկանութիւնս նաեւ կարգ մը պարագաներու սխալեցաւ, սակայն նախարարութիւնս արդէն այդ հարցին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ»:

Մինչ այդ, թրքական ոստիկանութիւնը երէկ ձերբակալեց Անգարայի ցոյցերուն մասնակցած 20 անձեր` զանոնք նկարագրելով իբրեւ «ահաբեկչական» կազմակերպութեանց հետ կապեր ունեցողներ եւ «ոստիկանութեան ու շրջապատին վրայ յարձակում գործած անձեր»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES