Սէուտ Ֆայսալ Սուրիան Բռնագրաւուած Երկիր Կը Նկատէ. «Տագնապին Իրանի Եւ Հըզպալլայի Միջամտելէն Ետք Հարցերը Աւելի Բարդացան» Ըսաւ Քերրի

Քերրի եւ Ֆայսալ իշխանը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ այցելեց Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում ունեցաւ երկրին արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանին հետ եւ անոր հետ քննարկեց Տոհայի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «Հըզպալլայի եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի` Սուրիոյ (կռիւներուն) մասնակցութիւնը վտանգաւոր հարց կը նկատուի եւ կարելի չէ ատոր նկատմամբ լուռ մնալ, ինչպէս նաեւ ներկայիս Սուրիան միայն բռնագրաւուած տարածք կարելի է նկատել»:

Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ «Սէուտական Արաբիա կը պահանջէ միջազգային յստակ որոշում մը, որ օրինականութիւնը կորսնցուցած սուրիական վարչակարգին զէնքի մատակարարումը կ՛արգիլէ»` աւելցնելով, որ պէտք է սուրիական ընդդիմութեան զինեալներուն զէնք մատակարարել, որպէսզի կարենան «իրենք զիրենք պաշտպանել»:

«Սուրիական վարչակարգին օրինականութենէ զուրկ ըլլալը պէտք է արգելք ըլլայ Սուրիոյ ապագայի ճշդման անոր մասնակցութեան», ըսաւ ան եւ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց «Սուրիական ազատ բանակը զինելու արգելքը վերացնելու»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը «մեծապէս վատթարացաւ եւ աւելի բարդ դարձաւ, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրանն ու Հըզպալլան հրաւիրեց սահմանը հատելով` սուրիական տագնապին միջամտելու եւ Սուրիոյ մէջ սուրիական ուժերու գործողութիւններուն մասնակցելու»` շեշտելով, որ «Սուրիոյ մէջ լաւագոյն լուծումը քաղաքական լուծումն է, որ ժողովուրդին կ՛արտօնէ իր ապագային վերաբերեալ որոշումներ տալ»:

«Կը փորձենք իւրաքանչիւր պետութեան դերակատարութիւնը եւ Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ ընելիքը ճշդել», ըսաւ ան` նշելով, որ անհրաժեշտ է «սուրիական ընդդիմութեան յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու որոշում որդեգրել», սակայն «կ՛ուզենք այդ մէկը կատարել զգուշութեամբ, իսկ Սէուտական Արաբիոյ դերը Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ առանցքային է»:

Անդրադառնալով 30 յունիսին Եգիպտոսի մէջ նախատեսուած ցոյցերուն` ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Եգիպտոսի մէջ ցոյցերը օրինական են եւ քաղաքացիները իրաւունք ունին իրենց կարծիքը արտայայտելու, իսկ կառավարութիւնը պէտք է յարգէ այդ խաղաղ ցոյցերը եւ ժողովուրդն ալ ինքզինք յարգէ»:

Իպրահիմի. «Սայտայի Մէջ Այն, Ինչ Որ Տեղի Ունեցաւ,
Սուրիական Տագնապին Հետ Կապ Ունի»

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ կացութիւնը չբարելաւուեցաւ»` նշելով, որ «սուրիական տագնապը միջազգային ապահովութեան եւ կայունութեան կը սպառնայ»: Ան «ամէն տեսակի զէնքի մատակարարումներուն» իր ընդդիմութիւնը վերահաստատեց:

Իպրահիմի յայտնեց, որ «այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ, կապ ունի սուրիական տագնապին հետ»` աւելցնելով, որ Պան Քի Մուն կը դատապարտէ լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումը:

Իպրահիմի ողջունեց սուրիական կառավարութեան «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը` միեւնոյն ժամանակ կասկած յայտնելով այդ խորհրդաժողովի գումարման կարելիութեան վերաբերեալ` նշելով, որ ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութեանց հետ պիտի քննարկէ ժողովի թուականի եւ անոր մասնակից կողմերուն վերաբերող հարցերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )