«Յաջորդ Կառավարութեան Կողմէ Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Պահանջագիրին Նկատմամբ Յանձնառութիւնը Կարեւոր Է» Շեշտեց Սինիորա

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ  նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ նախագահեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու արտակարգ նիստին, որմէ ետք հաստատեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառչած կը մնան լիբանանեան պետութեան եւ երկրին ապահովական ու զինուորական հաստատութիւններուն, յատկապէս բանակին:

Սինիորա հաստատեց, որ Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է կազմուի եւ պէտք է յանձնառու մնայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պահանջագիրին, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» նկատմամբ:

Սինիորա ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը միասնականութեամբ պիտի դիմագրաւեն առկայ մարտահրաւէրները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES