Պըրրի Ընդունեց Եազիժի Պատրիարքը

Եազիժի պատրիարքը, Խտըր եպիսկոպոսը եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը` ընկերակցութեամբ յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Ժորժ Խտըրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Լափօ Փիսթելլի` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Share this Article
CATEGORIES