Վարչապետարանը 5 Վայրկեան Յոտնկայս Լռութեամբ Յարգեց Սայտայի Մէջ Ինկած Բանակի Նահատակներուն Յիշատակը

5 վայրկեան յոտնկայս լռութենէն պահ մը

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ վարչապետարանին անձնակազմը երէկ կէսօրուան ժամը 12:30-ին, վարչապետարանի շրջափակին մէջ

5 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Սայտայի մէջ ինկած բանակի նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ մէկ ժամ դադրեցուցին աշխատանքը` իբրեւ նահատակներուն համար յայտարարուած սուգի խորհրդանշական քայլ մը:

Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին հետ եւ կոչ ուղղեց անոր գործակցելու լիբանանեան բանակին հետ` Ապրայի մէջ արձանագրուած վնասներուն արժեւորումը կատարելու նպատակով:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն թղթածրարին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սամիր Մուքպել, նախարարի պաշտօնակատարներ Նիքոլա Նահհաս եւ Կապի Լայեուն, ինչպէս նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի շարք մը առաջնորդներ:

Հանդիպումէն ետք Եազիժի պատրիարքը հաստատեց Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանան ազգային գոյակցութեան երկիր է, ուր իսլամը եւ քրիստոնեան կ՛աշխատին ի նպաստ երկրին գերագոյն շահերուն:

«Լիբանան պատգամի երկիր է, ինչպէս նաեւ ազգային համակեցութեան օրինակելի տիպար», ըսաւ Եազիժի պատրիարքը:

Առեւանգուած առաջնորդներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ անոնց մասին ոչ մէկ նորութիւն կայ` մաղթելով, որ անոնք շուտով վերադառնան:

Նշենք, որ Եազիժի պատրիարքը դարձաւ վարչապետարանի ճաշի հիւրը:

Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ:

Միւս կողմէ, Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ եւ շնորհաւորեց զայն երկրին իշխանութիւնը իր զաւկին` շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի յանձնելու առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES