Նախագահ Սլէյման Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Ապրայի Բախումներուն Մանրամասնութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Ապրայի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ շրջանին մէջ արձանագրուած բախումներուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` քննարկելու համար Ապրայի մէջ արձանագրուած վնասներուն արժեւորումը կատարելու եւ զինեալ բախումներէն տուժած քաղաքացիներուն օժանդակելու հարցերը, որպէսզի անոնք կարենան վերադառնալ իրենց բնակարանները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Լափօ Փիսթելլի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Փիսթելլի նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Իտալիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան հաստատման առումով ի գործ դրուող ջանքերուն առնչութեամբ:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ կենսոլորտի եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարներու պաշտօնակատարներ Նազեմ Խուրի եւ Ղազի Արիտի, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:


