Մեսսի Վճարեց 10 Միլիոն Եւրոյի Իր Տուրքերը
Քաթալոնիական Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի Սպանիոյ մաքսային մարմիններուն վճարեց 10 միլիոն եւրոյի իր տուրքերը, կը յայտնէ lavanguardia-ն:
Մեսսի եւ անոր հայրը կը մեղադրուէին տուրքերէն խուսափելու յանցանքով, ի մասնաւորի կը խօսուէր 4,5 միլիոն եւրոյի մասին:
Նախապէս Մեսսի ըսած էր, որ ինք չէ խախտած Սպանիոյ օրէնքները…
CATEGORIES Մարզական

