Մեքսիքացի Կռփամարտիկը Չընդունեց Վիք Դարչինեանի Մարտահրաւէրը
Աշխարհի նախկին ախոյեան եւ արհեստավարժ կռփամարտիկ Վախթանգ-Վիք Դարչինեան փափաք յայտնած է ճակատելու աշխարհի նոր ախոյեան հանդիսացած մեքսիքացի Թերասասիի դէմ` փորձելով հանդիսանալ 56 քկ դասակարգի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Լուրը հաղորդող «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ մեքսիքացին չընդունեց ճակատիլ հայրենի 37 տարեկան կռփամարտիկ Դարչինեանի դէմ` նախընտրելով այլ մրցակից մը:
Դարչինեանի մարզիչ Վազգէն Պատալեան ըսաւ, որ ան կը շարունակէ բանակցիլ նոր մրցամարտ կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ Դարչինեան այժմ կը պատրաստուի շաբաթ մը ետք այցելելու Հայաստան եւ քննարկելու իր ապագայի ծրագիրները:
CATEGORIES Մարզական

