Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Անուան 6-րդ Յուշամրցաշարք. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Տիրացաւ Տիտղոսին
Կարէն Ասրեանի անուան 6-րդ յուշամրցաշարքը աւարտեցաւ Ռոպերթ Յովհաննիսեանի յաղթանակով. վերջինս տիտղոսին տիրացաւ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7,5 կէտ:
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Յովհաննէս Կապուզեան, որոնք ապահովեցին 6,5-ական կէտ:
Այս յուշամրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն, Պիելոռուսիայէն, Պրազիլէն, Վրաստանէն, Իսրայէլէն, Ղազախստանէն եւ այլ երկիրներէ 55 ճատրակ խաղացողներ:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 2008-էն ի վեր` ի յիշատակ 28 տարեկան հասակին կեանքէն վաղաժամ հեռացած Հայաստանի լաւագոյն ճատրակ խաղացողներէն մէկուն` ճատրակի ողիմպիական ախոյեան, կրանտմասթըր Կարէն Ասրեանի:
Ստորեւ վերջնական դասաւորումը, որ հրապարակուեցաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին (Armchess.am) կողմէ.
—————————————-ԿԷՏ
1.- Ռոպերթ Յովհաննիսեան 7,5
2.- Սամուէլ Տէր Սահակեան 6,5
3.- Յովհաննէս Կապուզեան 6,5
4.- Անտրէյ Կորովեց (Պիելոռուսիա) 6,5
5.- Վահէ Բաղդասարեան 6
6.- Ռոպերթ Աղասարեան 6
7.- Զաւէն Անդրէասեան 6
8.- Հրանդ Մելքումեան 6
9.- Լեւոն Փապուճեան 6
10.- Դաւիթ Քալաշեան 5,5

