Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր` Պրազիլ – Ուրուկուէյ. Վաղը` Սպանիա – Իտալիա
Այսօր տեղի պիտի ունենայ Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Պրազիլ, պիտի մրցի Ուրուկուէյի դէմ:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, իրարու դէմ պիտի հանէ Սպանիան եւ Իտալիան:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ մրցումները նաք-աութի դրութեամբ են, ինչ որ կը նշանակէ, որ երկարաձգում կրնայ կատարուիլ կամ ալ փենալթիներու կրնայ դիմուիլ:
CATEGORIES Մարզական

