«Շատ Ուրախ Եմ, Որ Մեր Մրցակիցը Հայկական Խումբ Է» Ըսաւ Ռոպերթ Արզումանեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Աքթոփէի (Ղազախստան) յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան football365.am լրատուական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մեկնաբանած է «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն վիճակահանութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք իր խումբը պիտի մրցի Գանձասար Կապանի դէմ:

Արզումանեան ArmFootball.com կ՛ըսէ. «Տեղեկացայ, որ պիտի մրցինք Գանձասարի դէմ: Շատ ուրախ եմ, որ մեր մրցակիցը հայկական խումբ է: Անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, որ շատոնց չեմ հետեւիր հայկական ակումբներուն ելոյթներուն, հետեւաբար չեմ կրնար ըսել, թէ ներկայիս ինչպէ՛ս հանդէս կու գայ Գանձասարը: Այս մրցումը ինծի համար լաւ առիթ մըն է, որովհետեւ մէկ օրով պիտի այցելենք Հայաստան»:

Երկու կազմերուն միջեւ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 4 յուլիսին` Երեւանի մէջ, իսկ դարձի մրցումը 11 յուլիսին` Ղազախստանի մէջ:

Նշենք, որ այս մրցաշարքին Հայաստանի փոխախոյեանին` Միքա Երեւանի մրցակիցն է Ռուտար (Մոնթենեկրօ), իսկ Փիւնիկ Երեւանի մրցակիցը` Թեթեքս (Մակեդոնիա):

 

Share this Article
CATEGORIES