Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ

Եթէ փուռին մէջ հաւ պիտի եփէք եւ կ՛ուզէք, որ անոր մաշկը հիւթեղ եւ միաժամանակ փխրուն ըլլայ, զայն ծեփեցէք աղի ջուրով, որուն մէջ դգալ մը մեղր լուծած ըլլաք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Որպէսզի որեւէ սենեակի մը անախորժ հոտը կամ ապականած մթնոլորտը մաքրէք արուեստական հոտերու մի՛ դիմէք, անոնք թէ՛ սուղ կ՛արժեն, եւ թէ վնասակար են: Աւելի առողջապահական եւ աժան միջոց է սովորական մոմը, որ նոյն դերը կը կատարէ:

Որպէսզի եփի ժամանակ քասրոլին պարունակութիւնը չյորդի, անոր երեսին մետաղեայ դգալ մը զետեղեցէք, այսպիսով` կրնանք հանգիստ երկրորդ գործի մը ձեռնարկել:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Որպէսզի վառած մոմը չհոսի եւ ձեր ծածկոցը չաղտոտէ, նախքան վառելը զայն քանի մը ժամ մխրճեցէք շատ աղի ջուրի մէջ:

Հին խտասալիկները մի՛ նետէք, եթէ պարտէզ ունիք, զանոնք կախեցէք պտղատու ծառերուն ճիւղերուն` հեռացնելու համար շատակեր ճնճղուկները: Իսկ տան մէջ կրնաք զանոնք օգտագործել, որպէս խմիչքի բաժակներու յատակ` սեղանը կամ ծածկոցը պաշտպանելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

Ձեռային Աշխատանք

Ի՞նչ Բանի Օգտագործել
Հին Գուլպաները

Եթէ ձեր ամուսինին գուլպաները հինցած են մի՛ նետէ՛ք զանոնք, այլ օգտագործեցէք ձեր ծաղկամաններն ու թաղարները «հագցնելու»:

Այո՛, ընտրեցէք նախընտրաբար գծաւոր կամ «ժաքար» տեսակը. մկրատով կտրեցէք կրունկին բաժինը եւ օգտագործեցէք սրունքին բաժինը, զայն «հագցուցէք» ձեր թաղարին կամ ծաղկամանին, ապա ասեղով եւ դերձանով կարեցէք յատակի բաժինը:

Իսկ եթէ նկարին գաղափարը շատ հաւնեցաք, մի սպասէք, որ ձեր ամուսինին գուլպաները հիննան, շտապեցէ՛ք, ձեր ճաշակին զոյգ մը գուլպայ գնեցէք եւ զարմացուցէ՛ք բոլորը:

 

Հետաքրքրական

Ի՞նչ Գիտէք Պայուսակներու
Պատմութեան Մասին

Ինչո՞ւ Գօգօ Շանէլ իր պայուսակը կոչած է 2.55

Գօգօ Շանել իր նշանաւոր պայուսակը ստեղծած է 2 փետրուար 1955-ին, ուրկէ` անոր անունը: Ան ուզած է գործնական պայուսակ մը նուիրել բոլոր կիներուն: Հետաքրքրական է, որ Շանել իր պայուսակին ներսի բաժինը նուռի գոյն «տուպլիւր»ով մը ծածկած է, որովհետեւ որբանոցի իր տարազը այդ գոյնի էր…

 

* * *

 

«Կուչի» նորաձեւութեան տունը որո՞ւ նուիրած է «Ճէքի» պայուսակը:

1955-ին Կուչի նորաձեւութեան տունը կը յղանայ գեղեցիկ պայուսակ մը, Ճէքի Քէնետի այնքան կը հաւնի, որ 1964-ին 6 տարբերակներ կ՛ապսպրէ:

Իտալական նորաձեւութեան տունը շոյուած` պայուսակը կը կնքէ Մ. Նահանգներու առաջին տիկնոջ անունով…

 

* * *

 

«Հէրմէս» նորաձեւութեան տունը ինչպէ՞ս յղացած է Պըրքըն պայուսակը:

1984-ին անգլիացի դերասանուհի, երգչուհի Ժէյն Պըրքըն օդանաւ կը բարձրանայ եւ կը նստի «Հերմէս»-ի պատասխանատուներէն մէկուն քով: Խօսակցութեան ընթացքին Պըրքըն առանց գիտնալու, թէ ո՛վ է իր խօսակիցը կը դժգոհի, որ գործնական պայուսակ մը չէ գտած, ուր կրնայ ամէն բան լեցնել, բայց միաժամանակ անիկա ըլլայ թեթեւ, փափուկ կաշիէ պատրաստուած եւ խոշոր… Զրուցակիցը այս բոլորը լսելով ժամանակ մը ետք կը յղանայ Հէրմէսի Պըրքըն պայուսակը:

 

* * *

 

Ինչո՞ւ Լոնշանի պայուսակը «Փլիաժ» կը կոչուի:

Պարզապէս անոր համար, որ պայուսակը կը ծալուի: Այս գործնական պայուսակը ստեղծուած է 1993-ին եւ մինչեւ օրս մեծ ընդունելութիւն կը վայելէ:

 

 

 

Խոհագիր

Պանիրով Եւ Ռեհանով Անիւներ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար.

– 2 ծրար պատրաստ փաթ ֆէօյըթէ խմոր
– Ճերմակ պանիր
– 10 սեւ ձիթապտուղ
– 10 կանաչ ձիթապտուղ
– Ռեհանի 20 տերեւ

Պատրաստութիւն.

Հարիչէ անցնել պանիրը, կուտը հանուած ձիթապտուղները եւ ռեհանի տերեւները:

Խմորները բանալ եւ խառնուրդը տարածել անոնց վրայ, ապա գլանաձեւ ոլորել:

Խմորի գլանները 1 ժամ սառնարանը պահել, որպէսզի քիչ մը ամրանան, ապա կլոր շերտերով կտրտել, շարել փուռ դրուող ափսէի մը մէջ եւ եփել 200 ջերմաստիճան տաքութեամբ, 10-12 վայրկեան:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Որ Ապրեմ Երկար

Շնորհակալ եմ ձեր լաւ խօսքերից.
Բարի,  բարեսիրտ ձեր մաղթանքներից`
Որ ապրեմ երկար, որ լինեմ առողջ,
Բախտս վայելեմ առօք ու փառօք,
Խուսափեմ ցրտից, յուզմունքից, վէճից,
Ու սրտիս մօտիկ չընդունե՜մ ոչինչ…

Ես համաձայն եմ, բայց, բարեկամներ,
Ես ինչպէ՞ս մնամ պաղ ու անտարբեր,
Ինչպէս անցնեմ ու չտեսնելու տամ
Կիսաքաղց ծերին, մուրացիկ մանկան,
Տեսնեմ վտանգը ու չտագնապեմ,
Տեսնեմ կեղծիքը ու չծառանամ,
Տեսնեմ սադրանքը ու չզայրանամ,
Կտրեմ կեանքի հետ կապերս բոլոր,
Ինչ է, թէ ապրեմ աւելի երկար:

Զուր էք ինձ կարդում խրատ ու հորդոր,
Միայն ապրելը քիչ է ինձ համար:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES