Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
24 Հայորդիներ Միացան
Դաշնակցութեան Շարքերուն
Նախորդ շաբաթ երեկոյեան, Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթի նախօրեակին 24 հայորդիներ միացան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ Յարութ Մկրտչեան երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը բացաւ` զեկուցելով, որ 38 հոգի դիմումնագիր լեցուցած էր միանալու ՀՅԴ շարքերուն: Այս խումբէն 26-ը գոհացուցիչ կերպով աւարտեցին դաստիարակչական չորսամեայ ծրագիրը եւ 24-ը, ահա՛, կու տան իրենց երդումը: Երկու նորագիրներ, որոնք պէտք է միանային այս խումբին, երկիրէն դուրս ըլլալով` իրենց երդումը պիտի տան հետագային:
Մկրտչեան ապա հրաւիրեց նորագիրներն ու անոնց կնքամայրը, վաստակաւոր մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Խաթուն Բագրատունին, որ կատարեն երդումը:
Նորագիրներու երդման արարողութենէն ետք, Խաթուն Բագրատունին անոնց փոխանցեց իր պատգամը. ան նշեց, որ այդ վայրկեանէն անոնք արդէն դարձան լիիրաւ դաշնակցական ընկերներ. «Որպէս այդպիսին ձեզի խորհուրդ կու տամ, որ որդեգրէք ձեզի համար միշտ գործադրելի սկզբունքներ եւ բարոյական հասկացողութիւններ, որոնք դառնան ձեր կեանքի առաջնորդող սկզբունքները. Եղէք հաւատաւոր, բայց հարցախոյզ, եղէք կարգապահ, բայց ձեր իրաւունքները պաշտպանող, եղէք օրինապահ, բայց գիտակից ձեր յանձնառութեան, վերջապէս եղէք օգտակար ընկերներ եւ մեր ժողովուրդի ապագային ներդրում ունեցող լաւ հայեր», շեշտեց Բագրատունի:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանը, որ շնորհաւորելէ ետք շարքերը մուտք գործած ուխտաւորները` շեշտեց, որ դաստիարակչական ծրագիրը աւարտելով ու իրենց երդումը տալով` երդուեալներուն համար սկիզբ կ՛առնէ նոր գործընթաց մը, որ աշխատանքի, զոհաբերութեան ու նուիրումի ճանապարհներով կ՛անցնի:
Նկատի առնելով, որ այս տարի կը զուգադիպի ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանի մահուան հարիւրամեակին` Կեդրոնական կոմիտէն երդուեալներու այս խումբը կոչեց Դաշնակցութեան խղճի խորհրդանիշ դարձած «Զաւարեանի սերունդ» անունով: Վիգէն Յովսէփեան շեշտելով այս իրողութիւնը` մաղթեց նոր կուսակցականներուն, որ իրենց գործունէութեամբ ու վարքագիծով արժանաւոր դառնան այդ կոչումին, աշխատին սիրտով ու խղճով` ի փառս մեր ժողովուրդին:
Սիլվա Չաքմաքճեան Կ՛արժանանայ
«Էլիս Այլընտ» Շքանշանին
Մայիս 11-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Էլիս Այլընտ» շքանշաններու տուչութիւն, որուն ընթացքին Լոս Անճելըսէն գործարար եւ բարերար Սիլվիա Չաքմաքճեան արժանացաւ յիշեալ շքանշանին` համայնքին շնորհած սպասարկութեանց ու շրջանէն ներս եւ անկէ դուրս իր կատարած բարեգործական աշխատանքներուն համար:
Այս առիթով, մեծարեալը շարք մը շնորհաւորական նամակներ ստացաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանէն, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէն, ինչպէս նաեւ` անցեալին «Էլիս Այլըտ»-ի շքանշանին տիրացած Սեսիլ Քէշիշեանէն ու Մերի ու Վարդգէս Նաճարեաններէն:
Նշենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս հոկտեմբեր 2011-ին Արեւմտեան թեմ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին «Կիլիկիոյ ասպետ» շքանշանով մեծարած էր Սիլվիա Չաքմաքճեանը:
Ամերիկահայ առեւտուրի դահլիճի Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, 26 մարտ 2011-ին մեծարած էր Սիլվիա Չաքմաքճեանը` իբրեւ «Տարուան լաւագոյն գործարարուհի»:
Մեծարումներ` Պըրպենքի Հայ Դատի
Տարեկան Ձեռնարկին Ընթացքին
Մայիս 13-ին «Ամպրոզիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պըրպենքի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան վեցերորդ ձեռնարկը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան հանգուցեալ Ճան Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ Մարշա Ռամոսի, Թիմի Մարտիրոսեանի եւ «Ուուտպըրի» համալսարանին կողմէ Պըրպենքի հայութեան մատուցած սպասարկութիւնները:
Երեկոն նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ Պըրպենքի հայ գաղութի անդամներուն եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն` հանդիպելու Պըրպենքի պաշտօնատարներուն եւ Հայ դատի յանձնախումբի գործիչներուն` քննելու համար հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, սկսելով համալսարանական փառատօներէ ու հասնելով մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու քուէարկողներու թիւը բարձրացնելու ջանքերը:
Ձեռնարկին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ դրուատեց մեծարեալներուն ներդրումները, ինչպէս նաեւ` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ համայնքին տրամադրուող սպասարկութիւնները:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի, Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Քերոլ Լիուի ու Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի գրասենեակներու ներկայացուցիչները եւս ձեռնակին իրենց մասնակցութիւնը բերին` գնահատագրեր յանձնելով մեծարեալներուն:
Հանգուցեալ Ճան Գրիգորեանի յատկացուած «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը ստանձնեց անոր զաւակը` Կրեկ Գրիգորեանը:
Պըրպենքի նախկին քաղաքապետ Մարշա Ռամոս ստացաւ «Տարուան քաղաքացին» մրցանակը, յատկապէս` «Էս.» առաջադրութեան վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին մէջ իր դերակատարութեան համար, ինչպէս նաեւ` քաղաքի զանազան կազմակերպութեանց միջոցով իր մատուցած ծառայութիւններուն փոխարէն:
«Գործարարութեան քաղաքացիական ղեկավարման» մրցանակը շնորհուեցաւ Թիմի Մարտիրոսեանին, որ շարունակաբար նեցուկ կը կանգնի Պըրպենքի հայ համայնքին, յատկապէս` կեդրոնանալով անոր երիտասարդութեան վրայ:
«Ուուտպըրի» համալսարանը հռչակուեցաւ «Տարուան կազմակերպութիւնը»` շրջանի հայութեան դաստիարակման մէջ անոր բերած նպաստին ու յատկապէս ընկերային դասանիւթերու համար տրամադրուող կրթանպաստներուն համար:
Հայկոյշ Գեղինեան–Քոհլըր Պարգեւատրուեցաւ «Մարդասիրական» Մրցանակով
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին, 31 մայիսին Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանգանակային ձեռնարկ:
Ձեռնարկի հանդիսավար, երկար տարիներու ՀՕՄ-ի անդամ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի կրթական մշակներէն Սոնա Մատարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը:
Գեղարուեստական յայտագրով ջաւախեցի պարմանուհի Ռոպերթա Արեւեան մեներգեց հայկական երգեր, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Ջաւախքի ներկայ իրավիճակը արտացոլացնող եւ ՀՕՄ-ի Ջաւախքին մատուցած օգնութիւնները մատնանշող տեսերիզ մը:
ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըր, որ շնորհակալութիւն յայտնելով «Ջաւախք» յանձնախումբի աշխատանքներուն զօրակցող բոլոր անհատներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն` խոստացաւ շարունակել օգնութիւնը Ջաւախքի հայութեան, որպէսզի անոնք չլքեն իրենց հայրենի հողը: Ապա բեմ հրաւիրեց Տիգրանուհի Ռուհինեանը եւ յատուկ յուշատախտակով մը գնահատեց անոր երկար տարիներու աջակցութիւնը Ջաւախքի նպաստող աշխատանքներուն:
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան, որ գլխաւորաբար ներկայացնելով ՀՕՄ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը Ջաւախքի մէջ, ընդգծեց հաւաքական ուժերով Ջաւախքի անմիջական կարիքնները հոգալու կարեւորութիւնը:
Այնուհետեւ Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրի յանձնուեցաւ ՀՕՄ-ի «Մարդասիրական» մրցանակը` առ ի գնահատանք ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը նուիրումով կատարելու եւ Ջաւախքի նիւթական, ընկերային եւ մարդասիրական աշխատանքներուն ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերած ըլլալուն համար:
Հայկուշ Քոհլըր իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ընծայուած պատիւին համար եւ խոստացաւ առաւել աշխուժութեամբ շարունակել իրեն վստահուած պարտականութիւնները: Այս ուրախ առիթով կարդացուեցաւ պարգեւատրեալին դստեր շնորհաւորական նամակը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ Ջաւախքի պատասխանատուներէն Բագրատ Սարգսեանի եւ ՀՕՄ-ի Վրաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Թադէոսեանի շնորհաւորական եւ երախտագիտական խօսքերը:
Օրհնութեան իր խօսքերով ՀՕՄ-ի ազգանպաստ գործունէութիւնը դրուատեց, ինչպէս նաեւ օրուան պարգեւատրեալները գնահատեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:
Հայ Ոսկրածուծի Հիմնարկին
Ի Նպաստ Դրամահաւաք
Մայիս 31-ին տեղի ունեցաւ Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին ի նպաստ կազմակերպուած գինի համտեսելու տարեկան չորրորդ ձեռնարկը:
Այս տարի եւս սոյն նախաձեռնութիւնը կը վայելէր «Միշըն ուայնզ եւ սփիրից» ընկերութեան սեփականատէր Վիգէն ու Սալբի Մանկրեան ամոլին հովանաւորութիւնը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Սիէրա Մատրէ գտնուող անոնց բնակարանին մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին հրամցուեցան գինի արտադրող 33 տարբեր ընկերութիւններէ աւելի քան հարիւր գինիի տեսակներ:
Իր բացման խօսքին մէջ Սալբի Մանկրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ արդէն իսկ աւանդական դարձած այս ձեռնարկին ու անոր միջոցով` Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին եւ կեանքեր փրկելու անոր ջանքերուն:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկի նախագահ Ֆրիտա Ճորտըն, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Մանկրեան ընտանիքին, ինչպէս նաեւ` բոլոր ներկաներու նուիրումին:
Մինաս Գոճայեանի «Մորմոքող Անցեալի
Արահետներով» Հատորին Գինեձօնը
Մայիս 31-ին, Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մինաս Գոճայեանին հեղինակած «Մորմոքող անցեալի արահետներով» հատորին գինեձօնը:
Գիրքը ներկայացուց «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանակիր Գէորգ Յակոբեան:
Հատորը կ՛առնչուի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին` դէպի Արեւմտեան Հայաստան կատարուած ուխտագնացութեան: Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Սոյն ձեռնարկին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը ներկայացուց տոքթ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան, որ սրբազանին շնորհաւորանքը փոխանցեց Մինաս Գոճայեանին :
Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայի Ուսուցիչները
Կը Մեծարուին
Յունիս 1-ին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հայ համայնքը յատուկ պատիւի արժանացուց եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցիչներ Սիլվա Քաչիկեանը, Մարիա Անթեքելեանը, Հիլտա Աճիլաչօղլուն եւ Թալին Պազարպաշեանը, որոնց յանձնուեցան «Գնահատութեան վկայագիր»-ներ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ:
Շաբաթօրեայ վարժարաններու վարչական յանձնախումբի ատենապետուհի տոքթ. Էլի Անդրէասեան իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց օրինակելի ծառայութիւն մատուցող ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց յանձնառութիւնը կը ցուցաբերեն ուսուցանելով եւ պահպանելով հայ լեզուն եւ մշակոյթը:
Սիեթըլի Մէջ Հայ Դատի Քննարկում
Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, 2 յունիսին, Սիեթըլի Ս. Յարութիւն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ դատի հանրային քննարկում:
Այս հաւաքը առիթ ընծայեց ներկաներուն` աւելի մօտէն ծանօթանալու Ամերիկայի Հայ դատի գործունէութեան, իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ անոր եւ ամբողջ ամերիկահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Ալեն Ասատրեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառոյցին ու զանազան ծրագիրներուն մասին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Հայկ Պաղտասարեան խօսեցաւ ներկայիս իրագործուող զանազան ծրագիրներու եւ ապագայ աշխատանքներուն մասին:
Աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու, իսկ հաւաքէն ետք շարունակեցին խորհրդակցիլ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:
Մաշտոց Քոլեճին 21-րդ
Աւարտական Հանդէսը
Յունիս 16-ին տեղի ունեցաւ «Մաշտոց» քոլեճի 21-րդ աւարտական հանդէսը, որուն ընթացքին վկայականներ ստացան 62 շրջանաւարտներ:
Քոլեճի նախագահ տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ գաղութին մէջ քոլեճին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ մշակոյթի պահպանման նկատմամբ անոր տարած գործունէութեան վրայ:
Հայկական բաժանմունքի նախագահ տոքթ. Օննիկ Հայրապետեան իր կարգին շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն նեցուկ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ միակ բարձրագոյն կրթութիւն ջամբող հայկական հաստատութեան` «Մաշտոց» քոլեճին:
Շրանաւարտներու անունով շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Անի Մարսէլեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:
Թեհրան
Երեւանի Պետական Երաժշտանոցի
Շրջանաւարտ Արփի Սիմրոջեանի
Աւարտական Համերգը
Յունիս 12-ին, Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի շրջանաւարտ Արփի Սիմրոջեանին աւարտական համերգը:
Բացման խօսքով ներկայացուեցաւ Արփի Սիմրոջեանին կենսագրութիւնը եւ երաժշտական գործունէութիւնը, որմէ ետք հայերէն եւ գերմաներէն երգերով ելոյթ ունեցան Հայ համալսարանականներու ընդհ. միութեան «Տաւիղ» եւ ԹՀԹ Կրթական խորհուրդին կից մշակութային յանձնախումբին կողմէ կեանքի կոչուած «Նոր ձայներ» մանկապատանեկան երգչախումբերը` ղեկավարութեամբ Արփի Սիմրոջեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ալին Թաշճեանի:
Գնահատական խօսքերով հանդէս եկան` փրոֆ. Յովհաննէս Միրզոյեան եւ փրոֆ. Դաւիթ Ղազարեան: Ապա Արփի Սիմրոջեանի յանձնուեցան յուշանուէր եւ գնահատագիր:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արփի Սիմրոջեան:

