«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Բացում

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երեքշաբթի, 25 յունիս 2013-ին տեղի ունեցաւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ամառնային դպրոցին բացումը:

Բացումին ներկայ էին հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամներէն տոքթ. Ռոբովթ Չորպաճեան եւ Սօսի Պալեան, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, UNHCR, «Ուըրլտ վիժըն« եւ «Ուոր չայլտ Հոլանտ» կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ` 180 աշակերտներն ու անոնց ծնողները:

Բացման խօսքը արտասանեց Քրիստին Սարգիսեան, ապա բեմ հրաւիրեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ս. Օհանեան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Սայտայի մէջ նահատակուած անձնուէր այն բանակայիններուն, որոնք քանի մը օր առաջ իրենց կեանքը զոհեցին հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Ապա գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ արժանի ըրաւ այս տարի եւս, եօթներորդ տարին ըլլալով,  կայացնելու այս ամառնային դպրոցը եւ ուսման ու խաղի կողքին, ամառնային ժպիտը դրոշմելու մանուկներուն դէմքերուն վրայ ու հոգիներուն մէջ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամառնային դպրոցի կազմին միացած 27 կամաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք եկած ըլլալով տարբեր միջավայրերէ եւ համալսարաններէ համխմբուեցան «Գարակէօզեան»-ի երդիքին տակ ծառայելու միեւնոյն նպատակին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Աւարտին «Բարեւ փոքրիկներ» մանկապատանեկան խումբին տիպարները իրենց խաղերով եւ երգերով հաճելի մթնոլորտ  ստեղծեցին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )