26 Ծաղիկներ Աւարտեցին Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մանկապարտէզը

Շաբաթ, 22 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին մանկապարտէզի հանդէսը, որուն ներկայ  էին Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան (Պատրիարքական փոխանորդ Լիբանանի կաթողիկէ հայոց թեմի), Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, հարազատներ, բարեկամներ եւ հիւրեր: Հանդէսին նախագահութիւնը ստանձնած էր Քարոլ Պապիկեան¬Քոքոնի:

Հայաստանի, Լիբանանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բեմին վարագոյրը բացուեցաւ, եւ ներկաներուն դիմաց յայտնուեցաւ «Իմ սիրելի հայրիկ» գրութիւնը կրող պաստառը, որուն ընկերակցեցաւ շրջանաւարտներուն տպաւորիչ եւ շատ գեղեցիկ մուտքը` իրենց հօր ձեռքէն բռնած: Անոնք բացման խմբային խօսքով երախտագիտութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն, հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի բուրաւէտ ծաղկանոցին, եւ ապա բեմ հրաւիրեցին վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը:

Ներկաները ողջունելէ ետք, խօսքը կարմիր-կապոյտ ծաղիկներուն ուղղելով, ան ըսաւ. «Այսօր կը ստանաք ձեր կեանքի առաջին վկայականը: Երբ տարիներ ետք անգամ մը եւս փորձէք նայիլ ձեր այսօրուան ստացած վկայականներուն, հոն պիտի գտնէք ձեր բոլոր յիշատակները»: Ան նշեց, թէ` «հայ դպրոցի պահպանումն ու գոյատեւումը շարունակութիւնն է Վարդանանց գոյամարտին: Ինչպէս 451 թուականին հայը լինելութեան պայքար մղեց օտարացումի եւ ձուլումի դէմ, այսօր ալ նոյնպէս, սփիւռքահայուն կը սպառնան` նոյն կլանող ալիքը, նոյն բազմահազար զինուորներով բանակը, նոյն գիշատիչ ճիրանները, որոնց դէմ անդուլ մաքառումներով կը մարտնչի հայ դպրոցը յատկապէս, որուն գոյատեւումը, դժբախտաբար,  խաթարուած է նաեւ տնտեսական բազմատեսակ բեռերով»: Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնը հայրերու տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլորին ծնող հայրերը եւ հոգեւոր հայրերը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, օրուան նախագահուհիին եւ բոլոր անոնց, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին վարժարանին:

Քարոլ Պապիկեան¬Քոքոնի իր խօսքին մէջ նշեց, որ` «իւրաքանչիւր անհատ ունի 3 տուներ` ընտանեկան տունը, դպրոցը եւ Երկիրը: Եւ երկրորդ տան մէջ աշակերտը կը ստանայ գիտութիւն, սէր եւ կրթութիւն»: Ապա ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց մաղթեց աւելի բարձր վկայականներ:

Հայր Գաբրիէլ Մուրատեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ` «հայ դպրոց պահելը մարտահրաւէր մըն է, ինչպէս է նաեւ քրիստոնեայ հայու վայել կերպով ապրիլը»: Ան շեշտեց, որ մենք չափահասներս, բարի օրինակ պէտք է ըլլանք այս հրեշտականման մանուկներուն, որոնց համար խնդրեց Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութիւնը: Ան նաեւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց այս հայաշունչ կթօճախին համար, որպէսզի ան իր առաքելութիւնը շարունակելով` հասցնէ տիպար երիտասարդներ, որոնք պիտի դառնան ապագայի ղեկավարները:

Գերապայծառ հօր, հանդէսի նախագահին եւ տնօրէնին ձեռամբ վկայականներու բաշխումէն ետք, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները թատերական ներկայացումով մը գտնուեցան դասարանի մէջ, ուր վերյիշեցին տարուան ամիսներուն  ընթացքին յիշատակելի տօները` հասնելով մինչեւ յունիս` հայրերու տօնին ամիսը, եւ այս առիթով անոնք իրենց երախտագիտութիւնը, սէրը եւ մեծ համարումը յայտնեցին իրենց հօր հանդէպ:

Մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու աշակերտները երգերով պատուեցին իրենց հայրերը, եւ շատ գեղեցիկ պարեր հրամցնելով` գոհունակութեան եւ երջանկութեան ժպիտ գծեցին թէ՛ իրենց ծնողներուն, թէ՛ հարազատներուն եւ բոլորին դէմքին վրայ:  Աւարտին, Ռ. Պոյաճեան բեմ բարձրանալով,  շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին, յատկապէս մանկապարտիզպանուհի Լենա Տէրտէրեանին, իրենց աշխատանքներուն ու նուիրուածութեան համար: Ապա երգի ուսուցչուհի Սոնիկ Փամպուքեան «Պապա ջան» երգով փակեց հանդէսը:

2012-2013 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտ աշակերտներն են.

Ազատեան Էմմանուէլ, Ալեմեզեան Նարեկ, Ասիլեան Արամ, Արապեան Ճեսի, Աւետիսեան Փերլա, Դանիէլեան Ծիլա, Դանիէլեան Մարտիկ, Զիննեթեան Մերի, Թութիկեան Սերժիօ, Խաչատուեան Տէյվիտ, Կէօզիւպօյուքեան Ռիթա, Հայրանեան Սերժիօ, Հաւանճեան Անիելա, Հաւանճեան Ռալֆ, Ղըրայէպ Ֆրանսիս, Մարգարեան Սթեֆանի, Մինասեան Լիլա, Նահապետեան Քրիսթել, Չիլինկիրեան Սէրուժ, Տաքէսեան Դալար, Տէր Եղիայեան Անդրանիկ, Տէօվլեթեան Սիրին, Քեսմէեան Սէրլի, Քէօշկերեան Վլատիսլաւ, Քիւրքճեան Սերժիօ եւ Ֆարահ Մարինա             

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ   

Share this Article
CATEGORIES