Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս
Ազգային Աբգարեան վարժարանի ամավերջի միացեալ հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 23 յունիս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:
Ամավերջի հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Եագուպեանը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, Ազգային Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ծնողներ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կարգ մը աշակերտներ թատերական երկխօսութեամբ նախապատրաստեցին հանդէսին թեման: Անոնք կ՛ուզէին ուրախացնել իրենց մայրերը եւ կը մտածէին հնարքներու մասին` զանոնք գոհացնելու, զարմացնելու եւ ուրախացնելու համար: Արդեօք նկարե՞լ, ծաղկեփո՞ւնջ նուիրել, կոկել սենեա՞կ…
Ծիլ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Գունաւոր մատիտներու պար»-ը, իսկ բողբոջ դասարանի աշակերտները «Փետուրներու պար»-ով` փորձեցին կոկել սենեակը` մեծ տօնակատարութեան համար:
Յաջորդ առաւօտ մեծ էր զարմանքը մանուկներուն: Արդէն գծուած էին երեք գեղեցիկ պատկերներ, զարդարուած էր սեղանը փունջ մը ծաղիկով, փուչիկներ տեղադրուած էին սենեակին մէջ: Ընտանիքը` հայր, մայր ընկերներ սկսան տօնախմբութեան:
Կոկոն դասարանի աշակերտներ օղակներու ճկուն շարժումներով ներկայացուցին ուրախ պար մը: Մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները բարձրացան բեմ եւ յաջորդաբար երգեցին «Մտիր գիւղ քաղաք»-ը, «Մայրիկ անուշիկ»-ը, «Տէօ Ֆլէօր»-ը եւ «Եա աուալ քըլմէ» երգերը: Ծաղիկ դասարանէն իւրաքանչիւր աշակերտ իր յատուկ արտասանութիւնը նուիրեց իր մօր:
Յայտագրին հետաքրքրական նորութիւնն էր տեսերիզը` նուիրուած Ազգային Աբգարեան վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտներու մայրերուն, հայրերուն: Նկարները, Քրիստինէ Պէպէլեանի «Մայրիկ» երգի ենթահողով, խորապէս տպաւորեցին ներկաները:
Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մեծ հաճոյքով պարեցին «Վարդանիկին ռոքը», ապա Ծաղիկ եւ Ա. կարգի աշակերտները միասնաբար ներկայացուցին «Հանիք-Նանիք» հայկական պարը:
Բեմ բարձրացան «դերասանները» եւ բացատրեցին, որ մայրերուն տօնը նաեւ հայրենիքի տօնն է: Յայտնեցին, որ բոլոր նուիրական բառերուն մէջ կ՛օգտագործուի «մայրր բառը, ինչպէս` մայրենի լեզու, մայրաքաղաք, Մայր Արաքս: Փորձեցին յիշել Հայաստանի մայրաքաղաքները եւ եզրակացուցին, որ մայրերը եթէ զինուոր զաւակներ չունենան, անպաշտպան կը մնայ հայրենիքը… կը նուազի թիւը հայերէն խօսողներուն:
Մայրերու նուիրուած արտասանութիւններով բեմ բարձրացան նախակրթարանի աշակերտները: Հերմիկ Աբրահամեան, որ Ազգային Վարժարաններու արտասանութեան մրցումին տարրականի առաջին մրցանակին արժանացած էր` ներկայացուց Համաստեղի «Մայր իմ անոյշ»-ը: Զ. Կարգէն Վազգէն Այնէճեան արտասանեց Աւետիք Իսահակեանի «Մօր սիրտը», իսկ Սօսէ եւ Մեղրի Պենելեաններ` Զ. Կարգէն, ներկայացուցին Մուշեղ Իշխանի «Հայ մամիկին աղօթքը»: Ժորժեթ Թեփերճեանն ու Հերմիկ Աբրահամեանը տպաւորեցին ներկաները` «Մայրս» զուգերգով: Զ. Կարգէն Հերմիկ Հայրապետեան ներկայացուց Ումի արտասանութիւնը:
Արտասանութիւններուն ստեղծած յուզական մթնոլորտը պայծառացաւ «Հայոց աղջիկներու» հեզաճկուն պարով, որուն յաջորդեց «Մայրիկիս» երգը` ջինջ հնչեղութեամբը Ժորժեթ Թեփերճեանին, իսկ Զ. կարգէն Փաթրիք Պարատղին, Պօղոս Տօնիկեանն ու Գէորգ Տարագճեանը տպաւորեցին ներկաները «Ներիր ինձ մայրիկ» երգի խոր մեկնաբանութեամբ:
Բ. Գ. կարգերու «Հայրենի օճախ» հայկական պարը նախապատրաստեց ներկաները ընտանիքի ծիրէն փոխանցուելու մարդուն աւելի մեծ տունը` դէպի հայրենիք:
Ժորժեթ Թեփերճեան /մրցանակաւոր/ ներկայացուց Դ. Վարուժանի «Դերենիկը», Սերժ Ճեմճեմեանը` «Տուղրիլ եւ Թաթուլ»-ը, Գէորգ Տարագճեանը Սարմէնի «Հայրենի տուն»-ը: Պարոյր Տօնիկեան /մրցանակաւոր/ մեծ ապրումով ներկայացուց Դ. Վարուժանի «Կարմիր հողը», ապա Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Իւն Մամա» եւ «Մարտիկի երգ»-ը:
Յիշատակութեան արժանի էր փակման պարը: Բեմը ողողուեցաւ մանկապարտէզի աշակերտներով եւ հայկական պարերու մաս կազմողներով, որոնք իրենց պարով յաջողեցան ստեղծել շատ գեղեցիկ համայնապատկեր մը: Բարձրացած էին թեւերը մանուկներուն իսկ մեծերը կարծէք կը թռչէին իրենց օրօրուող ձեռքերով:
Տնօրէն Գեղանի Էթիեմեզեան իր կարճ խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ հօր, Ազգային իշխանութեան, թաղականութեան, հոգաբարձութեան, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններուն, որոնց հայրական խնամքը կանգուն կը պահէ դպրոցը: Արժեւորելով հանդէսը` ան ըսաւ, որ ազգային դպրոցը այն կարմիր հողն է, ուր աշակերտները դաստիարակութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ կը կազմաւորուին եւ կ՛ունենան` արմատ եւ թեւեր… Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս մանկապարտիզպանուհի Սեդա Մածունեանին, Րաֆֆի Պարսամեանին, Սիլվա Տեմիրճեանին եւ Իրմա Տէտէեանին եւ բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց հաւաքական ճիգով իրագործուած էր ինքնատիպ այս հանդէսը:
Ան «բամպակ» մայրերուն կողքին` անհրաժեշտ գտաւ «զանգակ» հայրերուն ներկայութիւնը: Դպրոցը ե՛ւ գուրգուրանք է, ե՛ւ կարգ ու կանոն, ըսաւ ան, ու հրաւիրեց Զոհրապ Թերզեանը` հայրերու տօնին առթիւ վարժարանի խորհրդանշական նուէրը յանձնելու ազգային վարժարաններու հայր առաջնորդ սրբազանին:
Վկայականներու բաշխումէն ետք առաջնորդ հայրը գնահատեց «Մայրերու տար»-ի առիթով կազմակերպուած ամավերջի այս հանդէսը եւ վեր առաւ ոչ շատ հեռու անցեալի մեր մայրերը, որոնք իրենց զաւակներուն «Կարմիր հողը», «Դերենիկ»-ը սորվեցնելու պահանջը կը զգային, այդ բանաստեղծութիւններուն ապրումներով կ՛ուզէին համակել իրենց զաւակները: Շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, հոգաբարձութիւնը, բարերարները, որոնց միասնական ճիգով իրագործուած էր գեղեցիկ այս հանդէսը:
Զ. Կարգէն յիշատակութեամբ վկայական ստացան Պարոյր Տօնիկեան, Հերմիկ Հայրապետեան եւ Գէորգ Տարագճեան:
Զ. Կարգէն նաեւ վկայուեցան Այնեճեան Վազգէն, Պարատղի Փաթրիք, Ճեմճեմեան Սերժ, Լատոյեան Յովսէփ, Զաքարեան Զաքար, Պենելեան Սօսէ, Պենելեան Մեղրի, Էլ Ալի Հետիէ, Մոմճեան Մարկրիթ, Թեփերճեան Ժորժեթ, իսկ մանկապարտէզէն` Ժամկոչեան Սթիւըն, Գէորգ Յարութ, Մահիկեան Յակոբ, Մելքոնեան Մայքլ, Սիսիլեան Անթոնիօ, Մաքտիս Էֆրեմ Լիպարիօ, Հաննա Նենսի, Միքայէլեան Քելի, Սալպաշեան Մեղրի, Մխմելճեան Մարիանա:
Երկու ժամուան հանդէսը ակնթարթի մը պէս անցաւ ու ներկաները փոխանցեցին իրենց ջերմ շնորհակալութիւնները եւ շնորհաւորութիւնները:

