Քաթարի Նոր Իշխանին Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. «Կը Շարունակենք Իբրեւ Գործընկեր Իր Կշիռը Ունեցող Քաթարի Կողքին Կանգնիլ» Կ՛ըսէ Քերրի

Քերրի եւ շէյխ Թամիմ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Քաթարի նոր իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ եւ յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդուի:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը երէկ յայտնեց, որ Քերրի, որ սուրիական ընդդիմութեան տրամադրուելիք օժանդակութիւնները համակարգելու համար շրջանին մէջ շրջապտոյտի մը ձեռնարկած է, երեքշաբթի գիշեր հեռաձայնով զրուցած է շէյխ Թամիմի եւ անոր հօր` շէյխ Համատի հետ:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նշեց, որ Քերրի յայտնած է, որ կը սպասէ շէյխ Թամիմի հետ գործակցութեան, «որովհետեւ մեր երկիրները շրջանային եւ միջազգային գործակցութիւնը, բարգաւաճումը եւ յառաջդիմութիւնը կը քաջալերեն»:

Քերրի վստահեցուցած է, որ «Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն իբրեւ գործընկեր իր կշիռը ունեցող Քաթարի կողքին կանգնիլ»:

Աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Քաթարի նոր իշխան Թամիմ պըն Համատի կազմելիք կառավարութեան մէջ երիտասարդ դէմքեր պիտի ըլլան եւ կիներ եւս նախարարութիւններ պիտի ստանձնեն, իսկ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քաթարի ներքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Նասեր կազմուելիք նոր կառավարութեան մէջ վարչապետ պիտի նշանակուի:

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը գրեց, որ Ծոցի արաբական երկիրները Քաթարի մէջ իշխանափոխութիւնը նեղութիւն պատճառող ազդակ մը կը նկատեն եւ ոչ թէ ընդօրինակելի բնորդ մը:

Յիշեցնենք, որ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի երեքշաբթի օր իշխանութիւնը յանձնեց իր որդիին` շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Քաթարի նոր իշխանին կոչ ուղղեց` Սուրիոյ նկատմամբ իր երկրին քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու:

 

Share this Article
CATEGORIES