Անգարայի Եւ Իզմիրի Մէջ 29 Ձերբակալեալներ. Թրքական Ոստիկանութիւնը Անգարայի Մէջ Ցոյց Մը Կը Ցրուէ
Թրքական ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Տիքմեն թաղամասին մէջ ցուցարարներ ցրուեց` օգտագործելով արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ ձերբակալեց 16 անձեր` Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերուն իրենց մեղսակցութեան համար:
Ոստիկանութիւնը Իզմիրի մէջ 13 անձեր ձերբակալեց «ահաբեկչական» կազմակերպութեան անդամակցութեան, ոստիկանութեան դէմ յարձակում գործելու եւ հասարակական կալուածներ քանդելու ամբաստանութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Գովաբանէ
Թրքական Ժողովրդավարութիւնը
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ թրքական ժողովրդավարութիւնը գովաբանեց, սակայն յայտնեց, որ թուրքերը պէտք է իրենց հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները ամրապնդելու աշխատին:
Ան «Սի.Էն.Էն.թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թուրքերը պէտք է հպարտ ըլլան ժողովրդավարութեան առումով իրենց ունեցածէն, եւ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան առաւել եւս ամրապնդման կ՛աջակցի:
Ռիքարտոնէ կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներու ազատութիւնը պաշտպանելու` յայտնելով, որ ատիկա յաջող կերպով գործող ժողովրդավարութեան մը բանալին է: «Ժողովրդավարութեանց մէջ տեսակէտները պէտք է ազատ կերպով արտայայտուին, եւ այս սկզբունքը այդ համակարգերուն ողնասիւնը կը կազմէ», ըսաւ ան:
Դեսպանը դիտումնաւոր կերպով զգուշացաւ Թուրքիոյ մէջ ընթացող ցոյցերը ուղղակի կերպով մեկնաբանելէ եւ յայտնեց, որ ամէն մարդ պէտք է իրաւունք ունենայ իր մտածումները ազատ կերպով արտայայտելու, թէեւ երբեմն անոնք «անմիտ եւ արտառոց» առարկութիւններ կրնան ըլլալ:

