«Երբ Որ Ուզենք Կրնանք Սուրիա Մուտք Գործել» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Նեթանիահու եւ Եաալոն

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սպառնաց անհրաժեշտութեան պարագային Սուրիա մուտք գործել եւ զինուորական հարուածներ հասցնել: Ան բռնագրաւուած Կոլանի մէջ կատարուած ռազմափորձերու ընթացքին յայտնեց, որ «մենք սահմանէն անդին գտնուող որեւէ կողմի ինչպէս մարտահրաւէր ուղղելու հարցը չենք քննարկեր, սակայն որեւէ կողմի պիտի չարտօնենք Իսրայէլի ձեռք տալ եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք մեզ չփորձելու»:

Ըստ Նեթանիահուի, իր ներկայութեամբ կատարուած ռազմափորձը բանակին կատարած բարձրագոյն ռազմափորձն է: Ան ըսաւ, որ իսրայէլեան բանակին ռազմափորձերը յարմար են շրջանի իրադարձութեանց, որոնք կրնան գոյութիւն ունեցող իրավիճակը վայրկեաններու ընթացքին աւելի վտանգաւոր դարձնել:

Նշենք, որ Նեթանիահուի կողքին նշեալ ռազմափորձին մասնակցեցաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն եւ հիւսիսային շրջանի հրամանատար Եայիր Կոլան:

Նեթանիահու եւ Եաալոն շեշտեցին, որ իսրայէլեան բանակը պէտք է ամէնէն վտանգաւոր դիպաշարներուն վրայ եւ ներկայ կացութեան վտանգաւոր փոփոխութեան վրայ մարզուի:

Իսրայէլեան բանակի հրամանատարութիւնը իր պատերազմական ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկած էր, իսկ բանակը Հայֆայի Քարմել լեռներուն վրայ իր մարզումները բազմացուցած էր` պնդելով, որ այդ շրջանին աշխարհագրութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ աշխարհագրութեան նման է:

Ըստ նոր ծրագիրին, բանակը պիտի օժտուի փոքր հրասայլերով եւ զրահապատներով, որոնք կրնան ճակատամարտի դաշտէն արագօրէն հեռանալ, եթէ թշնամիին կողմէ վտանգի ենթարկուին: Այդպիսի հրասայլեր պիտի ներածուին Բրիտանիայէն:

Հէյկ. «Սուրիոյ Տագնապը Մեզի Համար Հրատապ Է»

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական տագնապը «միջազգային հրատապ տագնապ» մըն է, «որ շրջանին եւ մեր ապահովութեան հետզհետէ աճող վտանգ մը կը ներկայացնէ», ինչպէս նաեւ «արաբական ըմբոստութեանց մէջ ամէնէն բարդ տագնապն է»:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը կարելի չէ անտեսել, որովհետեւ շրջանին եւ անկէ դուրս եղող շրջաններուն համար «մեծ վտանգ» մը կը ներկայացնէ:

«Իր ներկայ ընթացքին մէջ անիկա տագնապ մըն է, որ յաւելեալ զոհերու, տառապանքի, մարդկային աղէտի, ծայրայեղութեան աճի եւ դրացի երկիրներու կայունութեան քայքայման պիտի առաջնորդէ: Ուշ կամ կանուխ, միակ լուծումը քաղաքական լուծում մըն է, որուն հիմամբ փոխանցման կառավարութեան շուրջ համաձայնութիւն մը կը գոյանայ, խաղաղութեան հաստատման համար փոխզիջում եւ իւրաքանչիւր սուրիացիի իրաւունքներու հաստատում կը կատարուի»:

Ժաաֆարի. «Սուրիա Սկիզբէն Ի Վեր Քիմիական
Զէնքի Օգտագործման Շուրջ Հետաքննութիւն Պահանջեց»

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք քննադատեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով օգնական Ֆեռնանտեզ Թրանքոն`  արաբ-իսրայէլեան տագնապին վերաբերեալ ընդհանուր քարտուղարութեան տրուած լիազօրութեան հիմամբ Միջին Արեւելքի կացութիւնը ամբողջական կերպով չարծարծելուն, ինչպէս նաեւ Կոլանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները անտեսելուն համար:

Ժաաֆարի Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թրանքօ «Կոլանի մէջ ֆիլիփինեան ուժերու անդամները առեւանգելու համար Քաթարի ահաբեկիչներուն տուած ցուցմունքներուն» հարցը անտեսելով «ընդհանուր քարտուղարութեան նոյն սխալը կրկնեց»:

Ան նշեց, որ Թրանքօ անտեսած է այն իրողութիւնը, որ Դամասկոս ինքն էր, որ Հալէպի Խան Ասալ շրջանին մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցին շուրջ հետաքննութիւն պահանջեց եւ կ՛ողջունէ Աքի Ալիսթրոմի ղեկավարութեամբ հետաքննիչ յանձնախումբի ժամանումը:

Ռայս. «Սուրիոյ Հարցով Միացեալ Կեցուածք
Որդեգրելու Ապահովութեան Խորհուրդի Ձախողութիւնը
Անոր Վարկին Վրայ Ազդեց»

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սիւզըն Ռայս յայտնեց, որ «Սուրիոյ հարցով միացեալ կեցուածք որդեգրելու Ապահովութեան խորհուրդին ձախողութիւնը անոր վարկին վրայ ազդեց»:

Ան Ապահովութեան խորհուրդի նիստին վերջին անգամ ըլլալով մասնակցելէ ետք յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին Սուրիոյ հարցով ձեռնածալ մնալը «բարոյական եւ ռազմավարական տեսանկիւնէ գայթակղութիւն է, եւ պատմութիւնը այս հարցով անոր դէմ խիստ վճիռ պիտի արձակէ»: Ան Ռուսիան եւ Չինաստանը պատասխանատու նկատեց այդ ձախողութեան համար:

Ռայս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ազգային ապահովութեան խորհրդատուի պաշտօնը ստանձնելէ առաջ լրագրողներուն ներկայացուց ՄԱԿ-ի մէջ իր քառամեայ գործունէութեան հաշուեկշիռը:

Ապահովական Զարգացումներ

«ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտակարգ դրութեանց նախարարութիւնը յայտնած է, որ նախարարութեան պատկանող «Իլ-62» օդանաւ մը, Սուրիոյ տագնապին շարունակման լոյսին տակ, Լաթաքիայէն Մոսկուա փոխադրած է 130 անձեր, որոնց շարքին 76 ռուս քաղաքացիներ` աւելցնելով, որ «տեղւոյն բնակչութեան 20 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող ռուսական երկու օդանաւեր երեքշաբթի օր էջք կատարած էին» Սուրիա:

Հոմսի Թալքալախ գիւղաքաղաքին մէջ ընդդիմադիր զինեալներ իրենց զէնքերը յանձնեցին սուրիական բանակին:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, որ 1 եւ 2 յուլիսին Պրունայի մէջ նախատեսուած իրենց հանդիպումին ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակիցը` Ճոն Քերրի կը յստակացնէ Սուրիոյ նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES