«Ռուսիա Պիելոռուսիոյ Մէջ Օդուժի Ռազմակայան Պիտի Հիմնէ» Կ՛ըսէ Զօր. Պոնտարիով

Զօր. Վիքթոր Պոնտարիով

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար զօր. Վիքթոր Պոնտարիով յայտնած է, որ Ռուսիա Պիելոռուսիոյ մէջ պիտի հիմնէ իր օդուժի զօրակայանը, որ պիտի գտնուի Լիտա քաղաքին մէջ` Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ սահմաններէն ոչ հեռու:

«Պիելոռուսիոյ մէջ ռուսական օդուժի ռազմակայանին հիմնումը երկու պետութիւններուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան ամրապնդման համաձայնութեան արդիւնք է», ըսած է Պոնտարիով` լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք օդուժի ռազմակայանը միայն ռուսակա՞ն, թէ՞ ռուս-պիելոռուսական պիտի ըլլայ, զօրավարը ըսած է. «Սկիզբը պիտի ըլլայ ռուսական, իսկ յետոյ կը տեսնենք»:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ օդուժի համալրման հարցերը իր վրայ պիտի վերցնէ Մինսքը, իսկ Մոսկուան այդ հարցին մէջ անոր պիտի օգնէ:

Ըստ Պոնտարիովի, օդուժի ռազմակայանը պիտի դառնայ շատ կարեւոր տարր` Միաւորուած պետութեան (Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ դաշնակցային պետութեան ծրագիր) համար ռազմավարական տեսանկիւնէն, եւ պիտի ապահովէ Պիելոռուսիոյ օդային տարածքին անվտանգութիւնը:

Յայտնի դարձած է, որ մինչեւ տարուան վերջը այդտեղ պիտի տեղակայուին «Սի-27 Սի.Էմ.3» կործանիչներ:

Share this Article
CATEGORIES