Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ շնորհաւորեց Քաթարի նոր իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով: Սալամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ ապակայուն Սուրիան Միջին Արեւելքը նուազ կայուն կը դարձնէ:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզ ուրբաթ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Լիբանան:

ԱՐՍԱԼԻ մէջ առեւանգուած է Մոհամետ Թուֆայլի անունով քաղաքացի մը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ժետտայի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի անձնական ներկայացուցիչ` ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Սայտայի ապահովական զարգացումներն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:

ԵՐԷԿ առաւօտեան Պեքաայի Թըմնին Թահթա շրջանին մէջ նախկին նախարար Ալի Ապտալլայի ինքնաշարժը ենթարկուեցաւ կրակոցի:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Ահմետ Ասիր շան պէս փախուստ տուած է, իսկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պատասխանատու են բանակի նահատակներուն թափած արեան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, սիւննի համայնքին դէմ Հըզպալլայի բոլոր արարքները սադրանքներու նախապատրաստութիւն կը նկատուին:

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանս Թիմըրմանս յայտնեց, որ պէտք է Հըզպալլան ահաբեկիչներու ցանկին վրայ զետեղել:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանան չէզոք կեցուածք ցուցաբերած է, որպէսզի արգիլէ Լիբանանի դէպի Սուրիա զէնքի եւ զինեալներու փոխադրութեան անցքի կամ կեդրոնի վերածումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու, նախկին նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ բանակը պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատէ` փաստելով, որ բոլորին հետ հաւասարապէս պիտի վարուի:

ՍԱՅՏԱՅԻ նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ Սայտայի դասը պէտք է բոլորին համար ուսանելի ըլլայ, իսկ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուղղակիօրէն պատասխանատու է այդ միջադէպին` նկատի ունենալով իր օրով ցուցաբերուած ապահովական թուլամորթութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Սայտայի մէջ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակը լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան յաղթանակն է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը ազգին արժանապատուութիւնն է, եւ բոլորին պարտականութիւնն է համախմբուիլ անոր շուրջ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն պահանջած է Սայտայի մէջ երկաթեայ բազուկով հարուածել` վերահաստատելու համար իր հանգամանքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նպատակով խորհրդարանին ներկայացուած է օրինագիծ մը:

ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով համախոհութիւն գոյացած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES