Ժսըր Ուաթիի Մէջ Ապահովական Միջադէպ
Երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ժսըր Ուաթիի մէջ արձանագրուեցաւ ապահովական միջադէպ մը, որուն ծիրին մէջ շուրջ 25 հոգի փոխադրող պաս մը բռնի կերպով կանգնեցուեցաւ երկու ինքնաշարժներու կողմէ:
Ինքնաշարժներէն իջան հինգ երիտասարդներ, որոնք դանակոծեցին պասին մէջ գտնուողներէն ինը հոգի, որոնց շարքին էին նաեւ լիբանանահայ Յովիկ Սապրիճեան եւ սուրիահայ Մովսէս Փարթամեան:
Դանակի հարուածներ ստացած վիրաւորները փոխադրուեցան Ժապալ Լուպնան եւ Մար Եուսեֆ հիւանդանոցները:
Նշենք, որ պասը կ՛ուղղուէր Հազմիէի «Այ. Ֆիլմ» իրանեան պատկերասփիւռի կայանի սթիւտիոները` նկարահանելու համար ռամատանին ցուցադրուելիք յատուկ յայտագիր մը:
Նշենք, որ միջադէպը ունէր անձնական բնոյթ:
CATEGORIES Լիբանանեան


