Էշթըն. «Եւրոպական Միութիւնը Յանձնառու Է Լիբանանի Խաղաղութեան»

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ ցաւակցութիւն յայտնեց բանակի նահատակներու ընտանիքներուն եւ բանակի հրամանատարութեան:

Ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի խաղաղութեան, անկախութեան եւ անոր միասնականութեան ու գերիշխանութեան:

Էշթըն կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային բոլոր հաստատութիւններուն` դիմադրելու օրինազանցութեան:

Ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը քաջալերէ բոլորը Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու, ինչպէս նաեւ կառչած մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ ինքնազսպումի ենթարկուելու:

Share this Article
CATEGORIES