Փ. Մանճեան Այցելեց Զօր. Քահուաժիի
Պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Փ. Մանճեան ցաւակցութիւն յայտնեց զօր. Քահուաժիի` բանակի նահատակներուն համար, ինչպէս նաեւ քննարկեց Սայտայի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Փ. Մանճեան յայտնեց, որ լիբանանցիներուն համար Ահմետ Ասիրի թղթածրարը նորութիւն մը չէ` աւելցնելով, որ ան կրցած էր ինքզինք հաստատել` հովանաւորութեան շնորհիւ: «Իսկ մենք կը մխիթարուինք այն իրականութեամբ, որ Ասիրի իրավիճակը վերջ գտած է», շեշտեց Մանճեան:
Փ. Մանճեան հաստատեց, որ բանակին նկատմամբ քաղաքական զօրակցութիւնը պէտք է բոլոր քաղաքական անձնաւորութիւններուն վրայ պարտադրուի, իսկ լիբանանեան բանակը պէտք է զինուի:
CATEGORIES Լիբանանեան


