Պըրրի Խորհրդարանը Կը Հրաւիրէ Օրէնսդրական Լիագումարի Մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ծիրին մէջ տեսակցեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց կառավարութեան անյապաղ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ զգայուն հանգրուանը:
Պըրրի յայտնեց, որ ինք այս մասին խօսած է վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` անոր հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին:
Պըրրի վերահաստատեց խորհրդարանի աշխատանքը վերաշխուժացնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ պատրաստ են աւելի քան 50 օրինագիծեր, որոնք պէտք է քննարկուին:
Անդրադառնալով ընտրական օրինագիծի մշակման յատուկ ենթայանձնախումբին աշխատանքին` Պըրրի կ՛ուղղուի այդ կազմը փոփոխութեան ենթարկելու, որպէսզի անիկա բաղկանայ երեսփոխաններէ եւ նախարարներէ, սակայն Պըրրի չ՛աճապարեր այդ քայլը առնելու` սպասելով կառավարութեան կազմութեան:
Նշենք, որ Պըրրի նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ 1, 2 եւ 3 յուլիսին խորհրդարանը հրաւիրել օրէնսդրական լիագումարի մը:
Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Քաթարի նոր իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի:


