Նախագահ Սլէյման Հետեւեցաւ Ապրայի Մէջ Տիրող Կացութեան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հետեւեցաւ Ապրայի մէջ տիրող կացութեան եւ բանակին կողմէ որդեգրուած զինուորական միջոցառումներուն` դիւրացնելու համար Ապրայի բնակիչներուն տունդարձը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար անոնց ապահովութիւնը:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթը` ընկերակցութեամբ Լիբանանեան-պրազիլեան խորհուրդի փոխնախագահ Թոնի Տահերի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն պարտադրելու իմաստով առնուած քայլերը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխան Անթուան Հատտատը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Սուրիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրի, որուն հետ քննարկեց դեսպանատան վերաբերող հարցեր:


