Ճատրակ. Հայերու Յաջողութիւնները` Միջազգային Տարբեր Մրցաշարքերուն Ընթացքին

Անդրանիկ Մաթիկոզեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) հրապարակեց շարք մը լուրեր, որոնց մէջ նշուեցան հայ ճատրակ խաղացողներուն յաջողութիւնները` միջազգային տարբեր մրցաշարքերուն ընթացքին:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ Մաթիկոզեան (Հայաստան) հանդիսացաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ախոյեան` 4-րդ անգամ ըլլալով:

Մոնթերէի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան ան առանց պարտութիւն կրելու ապահովեց 5 կէտ` առաւելագոյն 7 կէտէն:

Այլ խաղացող մը` Մելիքսեթ Խաչիեան (Միացեալ Նահանգներ) հանդիսացաւ երկրորդ` իր կարգին առանց պարտութիւն կրելու եւ ապահովելով 4,5 կէտ:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիայէն եւ Մեքսիքայէն ժամանած մասնակցողներ:

12 ՏԱՐԵԿԱՆ հայրենի ճատրակ խաղացող Սամուէլ Սեւեան Սենթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցած 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան հանդիսացաւ երկրորդ` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6 կէտ: Տիտղոսին տիրացաւ Տանիել Նարոտիթցքի (6,5 կէտ):

ՎՐԱՑԱՀԱՅ Կիորկի Պակաթուրով, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Մալաթիոյ մէջ (Թուրքիա) տեղի ունեցած «Կոլտըն Ափրիքօ»-ի մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 2-էն 4-րդ դիրքերը: Տիտղոսին տիրացաւ Տէյվիտ Պենիծէ (Վրաստան):

Մրցաշարքին մասնակցեցան 36 ճատրակ խաղացողներ:

9 ՏԱՐԵԿԱՆ Գոհար Թամրազեան հանդիսացաւ Զուիցերիոյ 12 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան` ապահովելով 6 կէտ, առաւելագոյն 7 կէտէն:

Իսկ 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ ան գրաւեց 3-րդ դիրքը` կէս կէտով միայն ետ մնալով Լենս Ճիորճեսքուէն:

Ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Սիեպնենի մէջ (Զուիցերիա):

Share this Article
CATEGORIES