Մրցումներու Արդիւնքներուն Գծով Զեղծարարութիւններ Կատարած Ըլլալուն Համար. Ֆեներպահչէ Երկու Տարեշրջանով Կախակայուեցաւ Եւրոպական Մրցաշարքերէն

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ թրքական ֆութպոլի ակումբներէն Ֆեներպահչէ երկու տարեշրջանով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա զեղծարարութիւններ կատարած էր եւ մրցումներու արդիւնքներուն հետ խաղցած` տեղական մրցումներուն գծով:

Ասիկա կը նշանակէ, որ Ֆեներպահչէ յառաջիկայ տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ պիտի սկսէր անոր զտումի Գ. հանգրուանէն:

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն մէկ տարեշրջանով եւրոպական մրցաշարքերէն կախակայեց նաեւ թրքական այլ խումբ մը` Պեշիքթաշը:

Անոնք երկուքն ալ մրցումներու առուծախով զբաղած են 2011-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES