Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութեան Եւ Ճատրակի Ֆետերասիոնին Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսը

Նախանցեալ օր Լիբանանի կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատր նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի ընթանայ ուսուցիչներուն մարզումի ծրագիրը, ինչ կը վերաբերի պետական վարժարաններուն մէջ ճատրակի դասընթացքներուն սկսումին` 2013-2014 տարեշրջանէն սկսեալ:

Յայտարարուեցաւ, որ արդէն իսկ տպագրութեան տակ է յատուկ գիրք մը, որ աշակերտներուն պիտի սորվեցնէ ճատրակ խաղալը:

Անոնք երկուքն ալ կարեւորութեամբ շեշտեցին այն կարեւոր կէտը, որ պետական վարժարաններուն մէջ ճատրակի ուսուցումը պիտի ըլլայ պարտադիր, միեւնոյն ժամանակ ալ կարեւոր` մտքի զարգացումի իմաստով, ինչ որ աւելիով կ՛օգնէ աշակերտներուն կեդրոնացումի առումով:

Բոլոր այն ուսուցիչները, որոնք կ՛ուզեն աւելի տեղեկութիւններ ունենալ ճատրակի մասին, կրնան այցելել ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը` www.lebanesechessfederation.com եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ քաղել:

Անոնք ըսին, որ ուսուցիչները պայման չէ, որ ըլլան անցեալի ճատրակ խաղացողներ կամ այս մարզին գծով լայն տեղեկութիւններ ունեցողներ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար կարելի է հեռաձայնել ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրիին (03-955700) եւ կամ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռոլան Ախրասին (03-926776):

 

 

Share this Article
CATEGORIES