10-21 Յուլիսին. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.-Ին Կազմակերպած Թենիսի Մրցաշարքը
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, հովանաւորութեամբ «Սփոր էքսփրես»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 10-21 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ թենիսի տարեկան բաց մրցաշարքը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի վեց դաշտերուն վրայ:
Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները. 10, 12, 14, 18 (երկսեռ), զոյգի` 18 տարեկանէն վար, մեծ տղոց եւ աղջկանց անհատական, տղոց զոյգի, խառն զոյգի, 45 եւ 55 տարեկանէն վեր` տղաք:
Մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր գումար յատկացուած է 9 հազար ամերիկեան տոլար:
Արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 19:00, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք), հեռաձայն` 09-640220 (պահանջել` 504 թիւը), կամ` 03-824901 (Թանիոս Քանաան):
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է կիրակի, 7 յուլիս, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը:
Մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 8 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կազմակերպիչ ակումբին մէջ:

