50 Տարի Առաջ (28 Յունիս 1963)

Խմբագրական

Քաղաքապետական Ընտրութեանց
Կարեւորութիւնը

Ամիսներ շարունակ, լուրջ խորհրդակցութիւններու եւ պաշտօնական ժողովներու նիւթ դարձնելէ ետք, կառավարութիւնը ի վերջոյ որոշեց քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարել  Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ, բացի Պէյրութէն, որուն ընտրական շրջաններու բաժանման հարցը գոհացուցիչ կերպով չէր լուծուած:

Առաջին առթիւ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ամէնէն ընդարձակ նահանգին մէջ Լեռնալիբանանի, որ կը սկսի Ժիպէյլէն, կը բարձրանայ մինչեւ Մրուժ, անկէ իջնելու համար Մեթն, Սահէլ, բարձրանալով Շուֆ, ապա` մինչեւ ծովափ:

Այս ընդարձակ շրջանին պատկանող բազմահարիւր գիւղեր յառաջիկայ կիրակի, 30 յունիս, պիտի օժտուին քաղաքապետական կամ գիւղապետական խորհուրդներով, ընտրեալ մարմիններ, որոնք տեղական նախանձախնդրութեամբ, պիտի աշխատին Լեռնալիբանանի գիւղերուն բարեզարդման եւ բարգաւաճման համար:

Շեշտելու համար քաղաքապետական ընտրութիւններու կարեւորութիւնը` կը բաւէ յիշել միայն, որ երկրի զարգացման եւ բարգաւաճման տեսակէտէն քաղաքապետական խորհուրդները հիմնական դեր ունին կատարելիքը: Առանց այդ խորհուրդներուն պատկան իշխանութիւնները չեն կրնար օգտակար գործ կատարել տուեալ շրջանի մը մէջ:

Լեռնալիբանանը, իբրեւ գիւղագնացութեան շրջան, մեծ դեր կը կատարէ Լիբանանի տնտեսական կեանքին մէջ` դառնալով հրապուրիչ միջավայր մը այլ երկիրներէ եկող գիւղագնացներու համար: Որպէսզի Լեռնալիբանանի օդափոխութեան վայրերը առաւելագոյն յարմարութիւնները ընծայեն օտար եւ լիբանանցի գիւղագնացներ ընդունելու համար, անհրաժեշտ է, որ գործունեայ ու պատասխանատու քաղաքապետական խորհուրդներ ստանձնեն այդ հովոցներուն վարչական պատասխանատուութիւնը` սատարելով շինարարական աշխատանքներու, որոնք կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն:

Գրեթէ նոյնն է պարագան նաեւ այլ շրջաններու մէջ, որոնք յառաջիկայ ամիս պիտի օժտուին քաղաքապետական խորհուրդներով: Կը տարբերի միայն Պէյրութը, որուն քաղաքապետական կազմէն մեծապէս կախում ունի քաղաքին կերպարանափոխումը եւ Լիբանանի վայել արդիական մայրաքաղաքի մը վերածումը:

Այս բոլոր մատնանշումները բաւարար չափով կը շեշտեն քաղաքապետական ընտրութեանց կարեւորութիւնը այս երկրի ժողովուրդին, անոր բոլոր հատուածներուն համար: Քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի չեն ունենար համայնքային հիման վրայ, ինչպէս` երեսփոխանական ընտրութիւնները: Բայց ցանկերու կազմութեան միջոցին նկատի կ՛առնուի շրջանի բնակչութիւնը բաղկացնող տարրերու համայնքային վիճակը:

Հետեւաբար իւրաքանչիւր քաղաքացի, ինչ համայնքի ալ պատկանի, առանց նկատի ունենալու ցանկերու համայնքային կազմը, ազգային պարտականութիւն պէտք է նկատէ մասնակցելու ընտրութիւններուն` արժանաւոր տարրերու վստահելու համար քաղաքապետական գործերու յանձանձումը:

Լիբանանի հայ համայնքը, իբրեւ այս երկրի բնակչութիւնը բաղկացնող կարեւոր տարրերէն մէկը, պէտք է խոր գիտակցութեամբ մասնակցի այս ընտրութիւններուն` առանց բացառութեան բոլոր շրջաններու եւ գիւղերու մէջ, կատարելու համար իր նուիրական պարտականութիւնը հանդէպ իր շրջանին ու այդ միջոցով լիբանանեան հայրենիքին:

Վստահ ենք, որ լեռնալիբանանի հայութիւնը, որ միշտ գիտցած է չթերանալ իր պարտականութեան մէջ, այս անգամ եւս քաղաքացիական գիտակցութեամբ եւ լրջութեամբ պիտի մօտենայ այս կարեւոր ընտրութիւններուն եւ զանգուածովի պիտի մասնակցի անոնց` ի խնդիր այս երկրի զարգացման եւ բարօրութեան:

Այս վստահութեամբ ալ քուէարկելու կը հրաւիրենք մեր հայրենակիցները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES