Արուեստի Աշխարհէն. Տեսէ՛ք, Յունական Դասական Արձաններ` Հիփսթըրի Հանդերձանքով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՄԸ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԱՐՁԱՆՆԵՐԸ Կ՛ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ ՄՕՐՈՒՔՈՎ, ԱԿՆՈՑՈՎ ԵՒ ՃԻՆԶՈՎ: «ՖԱՍԹՔՈՏԻԶԱՅՆ» ԻՐ ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՍՐԱՄԻՏ ԵՒ ԶՈՒԱՐՃԱԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:
«Ի՞նչ է հիփսթըր»-ը: Հարցումը տրուած է բազմաթիւ առիթներով եւ բազմաթիւ պատասխաններ առաջարկուած են: Սակայն, ինչպէս այս մասին համագումար մը կ՛եզրակացնէր, «հիփսթըրի բոլոր բնորոշումները դատապարտուած են յուսախաբութիւն պատճառելու»: Այսուհանդերձ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երեւակայութեան մէջ ունի հիփսթըրի իր պատկերացումը. խոշոր ակնոցներ, ոճաւորուած սանտրուածք, սրածայր մօրուք, նեղ ճինզ: Անշուշտ այս պատկերը շատ սահմանափակ է եւ չի ներառեր ամբողջ ժողովրդագրական պատկերը: Սակայն վստահաբար կը ճանչնանք անձ մը կամ անձեր, որոնք կը յարմարին հիփսթըրի տիպարին:
Նոյնպէս ալ` լուսանկարիչ Լէօ Քայեար: Ան լուսանկարած է նորաձեւութեան հետեւող փարիզեցիներ եւ անոնց հանդերձանքը հագցուցած է Լուվրի հելլենական մերկ արձաններուն: Արդի՞ւնքը. «քարեղէն հիփսթըրներ»:
Քայեար իր համադրած լուսանկարներու շարքին մէջ հնադարեան յոյները կ՛երեւակայէ այնպէս, ինչպէս զանոնք կը տեսնենք համացանցի վրայ «Ըրպըն աութֆիթըրզ» նորաձեւութեան վաճառատան պատկերագիրքին մէջ: Քայեար մարմարէ արձաններուն կը հագցնէ բամպակէ նեղ շապիկներ, մարմնին կպած տաբատներ եւ ճինզ: Ան նրբագեղ ձուլուածքով արձաններուն դէմքին կ՛անցընէ Ռէյ-Պըն ակնոցներ, որոնք կը շեշտաւորեն անոնց անտարբեր նայուածքը: Խիտ մօրուքները եւ ձեւաւորուած պեխերը կ՛ամբողջացնեն պատկերը:
Քայեար, որ մասնագէտ է թուայնացած դիմանկարներու, կ՛ըսէ, թէ այս գաղափարը յղացած է երկու ամիսը անգամ մը Լուվրի պատկերասրահներուն մէջ շրջելու ժամանակ: «Կը դիտէի բոլոր յունական արձանները եւ կը մտածէի, թէ հաճելի եւ հետաքրքրական պիտի ըլլար զանոնք հագցնելը», կը բացատրէ ան: Ապա ան սկսած է փնտռել, թէ ի՛նչ հանդերձանք պէտք էր ընտրէր արձաններուն համար եւ ուսումնասիրած է, թէ ժամանակակից նորաձեւութիւնները ինչպէ՛ս կրնային փոխել անոնց «տրամադրութիւնը»:
Քայեար արձանները լուսանկարած է թանգարանին մէջ, նախքան Փարիզի փողոցներուն մէջ հաւանական բնորդներ փնտռելը` զանոնք յարմարցնելու համար արձաններուն չափերուն եւ ֆիզիքական կառուցուածքին: Ապա ան իր ընտրած անձերը հիփթսթըրի հանդերձանքով լուսանկարած է իր արուեստանոցին մէջ: Համակարգչային լուսանկարչական Ֆոթոշափ ծրագիրը գործածելով` ան հագուստները տեղափոխած է արձաններուն վրայ շուքի եւ լոյսի համապատասխան խաղերով: Թուային (տիճիթըլ) այս կախարդութիւնը արձանները որեւէ ժամանակէ աւելի տպաւորիչ կը դարձնէ:
Ինչ կը վերաբերի «հիփսթըր»-ի սահմանումին, Քայեարի համար աղօտ է անոր իմաստը: Ան կ՛ըսէ, թէ հիփսթըրի գաղափարը «ամբողջութեամբ կը հակասէ հին յունական դասական արձաններուն», սակայն չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս, թէեւ տարբերութիւնները ակներեւ են: Քայեարի դիտանկիւնէն` «իրարմէ շատ հեռու երկու գաղափարներու միաձուլումն է, որ բաւական հետաքրքրական է»:

