Արուեստի Աշխարհէն. Մերքել, Փութին Եւ Արուեստի Կռուախնձորներ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԴԻՏԵՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՏԱՐԱԿԱՐԾԻՔ ԵՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՄԵՐՔԵԼԻ ՌՈՒՍԻԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է «ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԻ»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելած են ցուցահանդէս մը, որ կը պարունակէր Բ. Աշխարհամարտին Խորհրդային Միութեան կողմէ Գերմանիայէն իբրեւ աւար տարուած արուեստի գործեր:

Կարգ մը տեղեկագիրներու համաձայն, Մերքել նպատակադրած էր Ս. Փեթերսպուրկի Էրմիթաժ թանգարան իր այցելութիւնը օգտագործել` պահանջելու համար գողցուած գործերուն վերադարձը:

Սակայն ան աւելի մեղմ արտայայտութիւն մը ունեցած է` ըսելով, թէ Ռուսիա եւ Գերմանիա պէտք է շարունակեն խօսիլ այս մասին:

Փութին իր կարգին յայտարարած է, թէ պատերազմի աւարին հարցը «շատ զգայուն» է:

«Չ՛արժեր զայն վէճի վերածել այսօր», ըսած է ան` աւելցնելով, թէ երկու կողմերը պէտք է գտնեն «հարցը լուծելու ձեւեր»:

Փութին ժխտած է այն տարաձայնութիւնները, թէ այցելութիւնը ջնջելու առաջարկներ կատարուած են:

«Չենք ջնջած թանգարան այցելութեան ծրագիրը, այլ պարզապէս ստուգած ենք, թէ արդեօք բաւարար ժամանակ պիտի ունենայի՞նք ցուցահանդէսը տեսնելու», յայտնած է ան Գերմանիոյ ղեկավարին հետ մամլոյ ասուլիսի մը առիթով:

Մերքել, որ Ս. Փեթերսպուրկ կը գտնուէր իր խօսքը ուղղելու համար Ս. Փեթերսպուրկի Տնտեսական միջազգային տարեկան համախմբումին, յայտարարած է, թէ իբրեւ աւար տարուած արուեստի գործերը առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան ցուցադրելը յատկանշական քայլ մըն է:

«Մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի զանոնք բոլորը մէկտեղ տեսնելը այսօր: Պիտի շարունակենք երկխօսութիւնը բոլոր այն հարցերուն մասին, որոնք կը վերաբերին Գերմանիայէն բերուած թանկարժէք իրերուն», ըսած է Մերքել:

Խորհրդային Արիւն

Երկու երկիրները կը վիճին, թէ արդեօք Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին խորհրդային բանակներուն կողմէ թալանուած արուեստի գործերը պէ՞տք է վերադարձնել Գերմանիա:

Ոչ ոք գիտէ, թէ ճիշդ քանի՛ արուեստի գործեր գողցուած են գերմանական հաւաքածոներէ, երբ խորհրդային բանակը շրջափակած է Պերլինը: Մակայն հաստատ է, որ հազարաւոր գեղանկարներ եւ քանդակներ տարուած են:

Պերլինի մէջ միայն մէկ պատկերասրահ կորսնցուցած է 441 գեղանկար, ներառեալ` գործեր Ռուպընզէն եւ Քարաւաճիոյէն:

Այս օրերուն Էրմիթաժի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ գործեր, որոնք նախապէս կը գտնուէին գերմանական թանգարաններու մէջ:

Ռուսական կեցուածքը անցեալին կ՛ըսէր, թէ Գերմանիայէն բերուած արուեստի գործերուն գինը վճարած են ռուս զինուորները` իրենց արեամբ:

Ռուս պաշտօնական ներկայացուցիչներ նաեւ կը նշեն, թէ Նափոլէոնի բանակները ռուսական հաւաքածոներէ իբրեւ աւար տարած են արուեստի գործեր, որոնք այժմ կը ցուցադրուին Լուվրի մէջ:

Աւելի՛ն. նացիները փճացուցած են կամ իբրեւ աւար տարած են ռուսական արուեստի գանձեր, երբ նուաճած են Խորհրդային Միութեան քաղաքներ:

Նացիական Գեմանիայէն իբրեւ աւար տարուած արուեստի գործեր վերջին տարիներուն Մոսկուայի մէջ ցուցադրուած են քանի մը առիթներով, ինչպէս` Գեղեցիկ արուեստներու Պուշկինի պետական թանգարանին մէջ` 2007-ին եւ Մոսկուայի Ճարտարապետութեան թանգարանին մէջ` 2003-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )