Արուեստի Աշխարհէն. Համացանցի Լաւագոյն Երեւոյթներէն Մէկը…
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՅԺՄ ՎԵՐԱՁԵՒԱՒՈՐՈՒԱԾ ԿՈՒԿԸԼԻ ՄԷՋ ՄԷԿ ԿՈՃԱԿ ՍԵՂՄԵԼՈՎ` ՄԵՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆՔ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԳՈՐԾԵՐ ԵՒ ԶԱՆՈՆՔ ԿԸ ԴԻՏԵՆՔ ՄԵՐ ՈՒԶԱԾ ՉԱՓՈՎ: «ՕՓԸՆՔԱԼՉԸՐ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՄԵՐ ՄԻԱՊԱՂԱՂ ԱՌՕՐԵԱՆ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՎԱՅԵԼՔՈՎ ՎԵՐԱԹԱՐՄԱՑՆՈՂ ԿՈՒԿԸԼԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒԱԾ ԾՐԱԳԻՐԸ:
Բրիտանիոյ Ազգային պատկերասրահին կայքէջը այցելելով` այժմ կրնանք մեր համակարգիչին մէջ ամբարել 25 հազար արուեստի գործերու թուային (տիճիթըլ) բարձրորակ լուսանկարները: Եթէ այս տեղեկութիւնը ինքնին զարմանք եւ հիացում կը պատճառէր ոչ շատ հեռու անցեալին, այժմ ունինք աւելի՛ն: ԿուկըլԱրթՓրոճեքթ իր կայքին մէջ (http://www.google.com/culturalinstitute/project/art-project) տեղադրած է աւելի քան 40 հազար արուեստի գործերու լուսանկարներ` աւելի քան 250 թանգարաններէ: Անցեալ տարի այս օրերուն տեղադրուած արուեստի գործերուն թիւը հասած էր 30 հազարի. անոնք բերուած էին 40 երկիրներէ, 151 թանգարաններէ: Ծրագիրը սկիզբ առած էր 2012-ի փետրուարին` աշխարհի մեծագոյն 17 թանգարաններէն շուրջ 1000 գործերով: Կուկըլի ծրագիրին նորութիւնը այն է, թէ անիկա հանրութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ փնտռելու աւելի կատարելագործուած միջոցներ, որոնք կը դիւրացնեն նկարներու զտումը` համաձայն արուեստագէտի, վայրի, տեղեկութեան եւ յարակից իրադարձութիւններու: Հռչակաւոր կարգ մը գործեր տեղադրուած են նոյնիսկ լուսանկարչական ամէնէն բարձր որակով: ԿուկըլԱրթՓրոճեքթի մաս կազմող բազմաթիւ թանգարաններ առիթ կու տան, որ Կուկըլ Սթրիթ Վիու ծրագիրին միջոցով փնտռենք եւ գտնենք իրենց պատկերասրահները:
Վերջերս ԿուկըլԱրթՓրոճեքթի միացած են տարբեր հաստատութիւններէ հաւաքածոներ, ինչպէս` Քուէյթի Սապահ հաւաքածոն, Ճափոնի Քաուապարայի արուեստի յիշատակի թանգարանը, Դանիոյ մէջ Քունսթի պետական թանգարանը եւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզի արուեստի թանգարանը: Այստեղ կցած ենք նկարը` Սունքուան Քուոնի «Գծաւոր շապիկով մարդ մը, որ երկար ժամանակ գլուխը կախած է, հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք» վերնագիրով գործին, որ տրամադրուած է Քորէայի արուեստի թանգարանի ընկերակցութեան հաւաքածոյին կողմէ: Նկարը ճիշդ տեսնելու համար պէտք է այցելել ԿուկըլԱրթՓրոճեքթի կայքը, ուր տեղադրուած նկարը կարելի է մեծցնել եւ աջ ու ձախ տանելով դիտել: Եւ անշուշտ կարիքը կա՛յ մեծցնելու զայն, որովհետեւ Քուոնի լայնատարած լուսանկարները կը պահանջեն մանրամասնութիւններու վրայ կեդրոնացում: Բարձրորակ նման լուսանկարի մը մէջ կարելի՛ է մանրամասնութիւններու վրայ կեդրոնանալ` պատուհաններուն մէջ նայելով եւ անոնց ետին կանգնած անձերը դիտելով: Ինչպէս նկարին բացատրութիւնը կ՛ըսէ` «ակնդիրներ պէտք է ի մտի ունենան խելացի հարցումներ, օրինակ` ի՞նչ տիպարներ պատկերուած են, ինչո՞ւ անոնց դէմքին արտայայտութիւնը պրկուած է, ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուին անոնք»:

