Արուեստի Աշխարհէն. Ա՞յս Է Մեր Ճանչցած Հոլիվուտին Վերջը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՍԹԻՒԸՆ ՍՓԻԼՊԸՐԿ ԵՒ ՃՈՐՃ ԼՈՒՔԱՍ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵՆ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՓԼՈՒԶՈՒՄԷՆ ԵՒ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ, ՈՐ ՏՈՄՍԵՐՈՒՆ ԳԻՆԸ ՀԱՍՆԻ 50 ՏՈԼԱՐԻ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԵՆ ՄԻԱՅՆ ԾԱԽՍԱԼԻՑ ԵՒ ՇՌՆԹԱԼԻՑ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՇԱՀԱՐԿԵԼՈՎ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄՌԱՅԼ ԱՊԱԳԱՅԻ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ:

Թերեւս շարժապատկերի մարզին մէջ աշխատող երիտասարդներ պիտի վհատին` լսելով, թէ նոյնիսկ Սթիւըն Սփիլպըրկ դժուարութիւն կը դիմագրաւէ ժապաւէնի մը համար նիւթական աղբիւրներ ապահովելու:

Շարժապատկերի ուսանողներու դիմաց խօսելով` Սփիլպըրկ զգուշացուցած է այս մարզին մօտալուտ «փլուզումէն» եւ ըսած է, թէ բաւարար է, որ իրերայաջորդ ծախսալից ժապաւէններ չյաջողին ապահովել նախատեսուած նիւթական շահը, որպէսզի արմատական փոփոխութեան ենթարկուի Հոլիվուտի գործելաձեւը: Ապագային հանդիսատեսներէն պիտի պահանջուի աւելի սուղ վճարել` ծախսալից ժապաւէն մը դիտելու համար, բաղդատած` նուազ տարողութեամբ ժապաւէնի մը, ըսած է ան:

«Պիտի ստիպուիք 25 տոլար վճարել «Այրըն մեն»-ի յաջորդ տարբերակը դիտելու համար,- ըսած է ան:- Թերեւս միայն 7 տոլար վճարէք` դիտելու համար «Լինքըն»-ը: Սփիլպըրկ նաեւ յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու 16-րդ նախագահին նուիրուած կենսագրական-դիւցազներգական իր ժապաւէնը, որ օսքարի արժանացաւ 2012-ին, դատապարտուած էր սփռուելու իբրեւ Հոմ Պոք Օֆիս արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի ժապաւէն մը, սակայն շարժապատկերի սրահ հասած է, պարզապէս որովհետեւ ինք սեփականատէրներէն մէկն է շարժապատկերի «Տրիմուըրքս» ընկերութեան:

Հոլիվուտի աւագ ներկայացուցիչներ` 66 տարեկան Սփիլպըրկ եւ 69 տարեկան Ճորճ Լուքաս անցեալ շաբաթ հրաւիրուած էին իրենց խօսքը ըսելու Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ Շարժապատկերի արուեստներու դպրոցին նոր շէնքին բացումին առիթով: Այս երկու բեմադրիչները պատրաստած են պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի մեծ շահ ապահոված ժապաւէնները, ինչպէս` «Սթար ուորզ», «Ճոզ» եւ «Ռէյտըրզ աֆ տը լոսթ արք»: «Երբ առաջին անգամ սկսայ ժապաւէն պատրաստել, ժապաւէններս ամբողջ տարի մը շարունակ կը ցուցադրուէին սրահներու մէջ,- ըսած է Սփիլպըրկ:- «Ի. Թի.»-ն ամբողջ մէկ տարի եւ չորս ամիս ցուցադրուեցաւ: Հրաշալի էր»:

Սակայն ան նաեւ զգուշացուցած է, թէ` «ի վերջոյ տեղի պիտի ունենայ փլուզում մը կամ մեծ գահավիժում մը, երբ երեք, չորս կամ թերեւս վեց ծախսալից ժապաւէններ յաջորդաբար ջախջախիչ ձախողութիւն արձանագրեն, ինչ որ պիտի շրջէ յարացոյցները»:

Այսօր հանդիսատեսներ հաճելի ժամանցի այնքա՛ն այլազան ընտրանքներ ունին` իրենց ժամանակը եւ դրամը յատկացնելու համար, որ շարժապատկերի ընկերութիւններ ստիպուած են իրենց գրաւը դնել միայն շռնթալից ժապաւէններու վրայ: «Այժմ հասած ենք այն կէտին, ուր շարժապատկերի ընկերութիւններ կը նախընտրեն 250 միլիոն տոլար շահարկել ժապաւէնի մը մէջ, որ կը խոստանայ մեծ շահ ապահովել, քան թէ` շարք մը իրապէս հետաքրքրական եւ խորապէս անձնական, նոյնիսկ` պատմական ժապաւէններու. ծրագիրներ, որոնք կրնան ի սպառ կորսուիլ»:

Լուքաս համաձայն գտնուած է Սփիլպըրկի յայտնած կարծիքներուն եւ նկարագրած է, թէ ինչպէ՛ս ինք եւս դժուարութիւններ դիմագրաւած է Բ. Աշխարհամարտի նիւթով իր «Ռետ թէյլզ» ժապաւէնը շարժապատկերի պաստառի վրայ տեսնելու համար: «Այսինքն Սթիւըն Սփիլպըրկ եւ Ճորճ Լուքաս դժուարութիւն ունին եւ չեն կրնար իրենց ժապաւէնները հասցնել շարժապատկերի սրահ,- ըսած է «Սթար ուորզ»-ի բեմադիչը` նախատեսելով, որ ժապաւէններ ցուցադրելու ճարտարարուեստը պիտի դառնայ Պրոտուէյի կամ Ուեսթ Էնտի թատրոններուն պէս բան մը:- Պիտի ունենանք նուազ թիւով շարժապատկերի սրահներ, աւելի մեծ սրահներ, լեցուն` տարբեր ժապաւէններով: Իսկ շարժապատկերի սրահի մը մէջ ժապաւէն մը դիտելը պիտի արժէ 50 տոլար, թերեւս` 100 տոլար, նոյնիսկ` 150 տոլար»:

Շարժապատկերի երկու տիտանները կ՛արձագանգէին այլ բեմադրիչներու կարծիքներուն, ինչպէս` Սթիւըն Սոտըրպըրկ, որ վերջերս ինքզինք հանգստեան կոչեց շարժապատկերի մարզէն, երբ չյաջողեցաւ Միացեալ Նահանգներու շարժապատկերի սրահներուն մէջ ցուցադրել ամերիկացի դաշնակահար եւ երգիչ Լիպըրաշիի նուիրուած իր «Պիհայնտ տը քենտըլապր» կենսագրական-դիւցազներգական ժապաւէնը: Փոխարէնը` ժապաւէնը ցուցադրուած էր Հոմ Պոքս Օֆիսի արբանեակային կայաններէն:

Լուքաս արբանեակային կայաններու կողմէ ժապաւէններու ցուցադրութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ «շատ աւելի արկածախնդրական»: «Կը կարծեմ, թէ վերջաւորութեան Լինքընի նման ժապաւէններ պիտի չտեսնենք շարժապատկերի սրահներու մէջ: Անոնք պիտի երեւին միայն պատկերասփիւռի պաստառին վրայ», ըսած է ան:

Մեծ Պիւտճէներ, Մեծ Ձախողութիւններ

«Աֆթըր տեթ» (2013)

Ուիլ Սմիթի հայր ու զաւակ յարաբերութեան վրայ հիմնուած գիտաերեւակայական այս ժապաւէնը բեմադրիչին վերջին երկու տասնամեակներու առաջին ձախողութիւնն է: Ցարդ աշխարհի տարածքին անիկա հնձած է շուրջ 97 միլիոն տոլար, մինչդեռ անոր արտադրութեան պիւտճէն 30 միլիոն տոլար աւելի էր:

«Ճոն Քարթըր» (2012)

Կ՛ենթադրուի, թէ Տիզնի շուրջ 200 միլիոն տոլար կորսնցուցած է` արտադրելով Հրատի վրայ տեղադրուած այս գիտաերեւակայական ժապաւէնը, որ կը նկատուի 2012-ին պատրաստուած ամէնէն ծախսալից ժապաւէնը:

«Պեթըլշիփ» (2012)

Ճոն Քարթըրի աստղը` Թէյլըր Քիչ դեր ստանձնած է նաեւ այս ժապաւէնին մէջ, որուն պատրաստութիւնը արժած է 220 միլիոն տոլար, սակայն ժապաւէնը միայն 25.4 միլիոն տոլար ապահոված է ցուցադրութեան առաջին շաբաթը:

 

Share this Article
CATEGORIES