Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ անցնող երկու օրերուն ընթացքին Դամասկոսի տարբեր շրջաններուն մէջ ելեկտրականութիւնը անջատուած էր երկար ժամերով:

Պայթումներ արձանագրուեցան ՌըքնԱտտին շրջանին մէջ ոստիկանութեան շէնքի մուտքին` պատճառելով քանի մը զոհեր:

Մայրաքաղաքի Հարասթա, Ժոպար, Քապուն եւ այլ շրջաններէն կը լսուին թնդանօթներու հարուածներու ձայներ:

Իսկ երէկ կէսօրէ ետք Դամասկոսի Պապ Շարքի շրջանին մէջ Հին Դամասկոսի Թալէ Ֆըտտա փողոցին վրայ Իհսան բարեսիրական միութեան կեդրոնին մօտ պայթումի մը իբրեւ արդիւնք զոհուեցաւ չորս հոգի եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ: Նշենք, որ զոհուածներուն կամ վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )