1 ՅՈՒՆԻՍ` ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ. ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ԱԼ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ ՈՒՆԻՆ
1 յունիսին աշխարհը կը տօնէ մանուկներու միջազգային օրը, երբ կը խօսուի անոնց իրաւունքներուն, կարիքներուն, ապահով ու բարեկեցիկ կեանք ունենալուն մասին:
Այժմ մեզի համար բացայայտ է, որ մանուկ մը իրաւունքը ունի արտայայտուելու, ուսում ստանալու, բուժուելու… Սակայն այս վիճակը միշտ գոյութիւն չէ ունեցած: Դարերու ընթացքին մանուկները ոչ մէկ իրաւունք ունէին. մանուկը ամբողջական անձ մը չէր սեպուեր. մարդիկ կրնային զայն լքել, շահագործել, գէշ վարուիլ անոր հետ… Սակայն 18-րդ դարէն սկսեալ մարդիկ, փիլիսոփաներ սկսան մանուկներուն մասին մտածել, զանոնք պաշտպանել: 19-րդ դարուն կարգ մը երկիրներ կը սկսին նոյնիսկ մանուկներու վերաբերեալ օրէնքներ հաստատել, ինչպէս, օրինակ, ձրի եւ պարտադիր ուսում 6 – 13 տարեկաններու համար:
ՔՈՐՔՉԱՔ
Լեհ մանկաբուժ, մանկավարժ եւ գրագէտ Եանուս Քորքչաք (1878 – 1942) շատ աշխատած է մանուկներու իրաւունքներուն համար: 1912 թուականին ան կը հիմնէ եւ կը վարէ «Մանուկներու հանրապետութիւնը», որ հաւասարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած որբանոց մըն էր: Ան գրած է նաեւ բազմաթիւ գրութիւններ` մէկ նպատակով, որպէսզի պզտիկները պաշտպանուած եւ յարգուած ըլլան: Քորքչաք անոնց համար սահմանադրութիւն մը կը պահանջէ: Անոր գաղափարները հետագային պիտի օգտագործուին Մանուկներու իրաւունքներու միջազգային հռչակագիրը շարադրելու ընթացքին:
ՄԱՆՈՒԿ ՄԸ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ…
Լաւ մեծնալու եւ չափահաս դառնալու համար մանուկ մը պէտք է ապրի իր ընտանիքին հետ, «երջանկութեան, սիրոյ եւ հասկացողութեան մթնոլորտի մը մէջ», կը հաստատէ հռչակագիրը: Ընտանիքին մէջ մանուկին յատկացուած ուշադրութիւնը նոր ըմբռնում մըն էր: Նախապէս ան յատուկ վերաբերումի մը իրաւունք չունէր. ան չէր համարուեր իբրեւ խոցելի անձ մը, որ պաշտպանուելու կարիք ունէր:
Իրաւունքներու առաջին յօդուածը կը բացատրէ, թէ մանուկը ո՛վ է: Իսկ երկրորդ յօդուածը յստակօրէն կը ճշդէ, թէ այդ իրաւունքները կը վերաբերին բոլոր մանուկներուն` առանց տարբերութիւն դնելու անոնց մորթի գոյնին, սեռին, կրօնին, լեզուին, ընտանիքին քաղաքական գաղափարներուն, թերութեան կամ հարստութեան միջեւ:
Այս իրաւունքներէն ամէնէն կարեւորներէն է սիրուելու եւ յարգուելու իրաւունքը: Գիտէի՞ր, թէ աշխարհի մէջ աւելի քան 120 միլիոն մանուկ կ՛ապրի առանց ընտանիքի, մեծ քաղաքներուն փողոցներուն մէջ, մինչ անոնք պէտք է շրջապատուած ըլլան զիրենք սիրող, իրենցմով զբաղող ընտանիքով:
Աշխարհի մէջ բոլոր մանուկները ունին նոյն իրաւունքները: Ասիկա հաւասարութեան իրաւունքն է: Գիտէի՞ր, թէ Ափրիկէի կամ Ասիոյ բազմաթիւ երկիրներու մէջ դիւրին չէ աղջիկ երեխայ ըլլալը: Ծնողները կը նախընտրեն ուսումը մանչերուն պահել եւ աղջիկները պահել տուն, որպէսզի անոնք տան գործերուն կամ դաշտերու աշխատանքներուն մէջ օգնեն:
Խնամուելու իրաւունքը: Եթէ դուն իյնաս կամ հիւանդանաս, պէտք է քեզմով զբաղին: Դուն պէտք է ստանաս քեզի անհրաժեշտ խնամքը, դեղերը եւ պատուաստները: Գիտէի՞ր, թէ աշխարհի մէջ հինգ մանուկի վրայ մէկը ծանր հիւանդութիւններու դէմ չէ պատուաստուած, որովհետեւ այս երկիրները, ուր անոնք կ՛ապրին, շատ աղքատ են եւ չեն կրնար գնել պատուաստները:
Ամէն մանուկ իրաւունք ունի դպրոց երթալու, գրել, կարդալ, հաշուել սորվելու: Երբ մենք գրել եւ կարդալ գիտենք, շատ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ կեանքին մէջ յառաջանալը: Այս ձեւով մենք կրնանք նաեւ սորվիլ արհեստ մը, որ մեզ կը հետաքրքրէ եւ` հասկնալ մեր շուրջը պատահածները: Գիտէի՞ր, թէ աշխարհի մէջ մօտաւորապէս մէկ միլիառ անձեր գրել-կարդալ չեն գիտեր: Իսկ, Հարաւային Ասիոյ մէջ մանուկներու կէսը հազիւ կը հասնի մինչեւ հինգերորդ դասարան:
Դուն իրաւունք ունիս նաեւ ուտելու, երբ անօթի ըլլաս, եւ մաքուր ջուր ունենալու` խմելու եւ մաքրուելու համար, նաեւ` ո՛չ մէկը իրաւունք ունի քեզ շահագործելու. մանուկին տեղը դպրոցի նստարաններուն վրայ է. սակայն, դժբախտաբար, կարգ մը երկիրներու մէջ կարգ մը մանուկներ կ՛աշխատին գործարաններու եւ արհեստանոցներու մէջ, ուր անոնք գորգեր կը հիւսեն կամ մարզանքի կօշիկներ ու գնդակներ կը շինեն:
* * *
Շնորհիւ Մանուկներու իրաւունքներու հռչակագիրին` աւելի քան տասը տարիէ ի վեր բազմաթիւ աշխատանքներ կը տարուին աշխարհին չորս կողմերը` մանուկներուն օգնելու եւ անոնց կեանքի պայմանները բարելաւելու համար: Սակայն, անշուշտ, տակաւին շա՜տ ընելիք կայ…
ՄԻՆՉԵՒ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
- 1924: Ազգերու լիկան (ՄԱԿ-ի «նախահայրը») կ՛որդեգրէ մանուկներու իրաւունքներու առաջին յայտարարութիւնը` Ժընեւի յայտարարութիւնը: Այս յայտարարութիւնը բաղկացած է 5 կէտերէ
- 1946: Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք կը հիմնուի ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը:
- 1959: ՄԱԿ-ը (Միջազգային ազգերու կազմակերպութիւն) կ՛որդեգրէ Մանուկներու իրաւունքներու հռչակագիրը, որ կ՛ընդգրկէ տասը կէտ: Այս սկզբունքները կը հաստատեն, թէ մանուկները «յատուկ պաշտպանութեան եւ խնամքներու» պէտք ունին:
- 1979: ՄԱԿ-ը 1979 տարին կը հռչակէ Մանուկներու միջազգային տարի:
- 1989: Մանուկներու իրաւունքներու միջազգային հռչակագիրը կ՛որդեգրուի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ: 61 պետութիւններ զայն կը ստորագրեն առաջին օրը:
ԻՆՉՈ՞Ւ Կ՛ԸՍԵՆ, ԹԷ 9999 ՍԵՆԵԱԿ ԿԱՅ
ՓԵՔԻՆԻ ԱՐԳԻԼԵԱԼ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ
Չինական մշակոյթին մէջ Երկինքի կայսրը կ՛ապրի 10 հազար սենեակ ունեցող պալատի մը մէջ: Հետեւաբար Չինաստանի կայսրին, որ կը համարուի «Երկինքի որդին», պալատը պէտք է քիչ մը աւելի փոքր ըլլայ, այս պարագային` նուազ մէկ սենեակ…
Արգիլեալ քաղաքը աշխարհի ամէնէն ընդարձակ պալատներէն մէկն է: Անիկա բաղկացած է մեծ թիւով բակերէ, պարտէզներէ եւ շինութիւններէ: Սակայն, հակառակ ասոր, նոյնիսկ եթէ մենք լաւ փնտռենք, անկարելի պիտի ըլլայ 9999 սենեակ գտնել հոն: Այս թիւին հասնելու համար պէտք է գործածել չինացիներուն յատուկ հաշուելու հին ձեւ մը, որուն հիմամբ անոնք սենեակ կը համարէին չորս սիւներու միջեւ գոյութիւն ունեցող վայրը: Արդ, պալատին մէջ բազմաթիւ սրահներ օժտուած են սիւներով…
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԸ
ԱՅՍՊԷՍ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ
Մենք ճիշդ չենք գիտեր, թէ ինչո՛ւ այս ծովը Կարմիր կը կոչուի: Սակայն մենք գիտենք, թէ անոր ներկայի անունը հին լատիներէն անունին` «Մարէ ռուպրիս»ին թարգմանութիւնն է: Այս լատիներէն անունը, իր կարգին թարգմանութիւնն է յունարէն «Էրիթիէ թալասա»ի:
Հաւանաբար այս անունը հետեւանք է բնական երեւոյթի մը. արեւուն արձակած լոյսը երբեմն ջուրին կարմիր գոյնի տպաւորութիւն մը կու տայ: Ըստ ուրիշ ենթադրութեան մը, այս կարմիր գոյնի տպաւորութիւնը կը յառաջանայ կարգ մը վայրերու մէջ գտնուող ջրախոտերէն: Անիկա կրնայ նոյնիսկ յառաջացած ըլլալ ծովափին վրայ գտնուող ժայռերէն, կամ նոյնիսկ` աւազէն…
Վերջապէս, ըստ կարգ մը բացատրութիւններու, այս ծովը կը կրէ հին ժամանակներու անձնաւորութեան մը` Էրիթրէի անունը, որուն մասին մենք շատ բան չենք գիտեր:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԹԷՅԸ ՅԱՏԿԱՊԷՍ
ԱՍԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԲՈՒՍՆԻ
Աճելու համար թէյին թուփը պէտք ունի խոնաւ եւ տաք կլիմայի մը, կանոնաւոր կերպով տեղացող անձրեւներու եւ առատ լոյսի: Այս բոլոր պայմանները ամէնէն լաւ կերպով հաւաքուած են Ասիոյ մէջ:
Թէյին թուփը կը սիրէ ջրուիլ նախընտրաբար ամբողջ տարուան ընթացքին կանոնաւոր կերպով տեղացող անձրեւներէն: Ասիոյ մէջ այս տոկուն թուփը կը սիրէ յատկապէս Պանկլատէշը, Չինաստանը, Հնդկաստանը, Ինտոնեզիան, Իրանը, Ճափոնը, Մալեզիան, Նեփալը, Սրի Լանքան, Թայուանը եւ Վիեթնամը: Ափրիկէի մէջ, Մօրիս կղզիին կողքին, անիկա կը բուսնի նաեւ Քամերունի, Քենիոյ, Ռուանտայի եւ Զիմպապուէի մէջ: Ամերիկայի մէջ մենք թէյի թուփին կը հանդիպինք Արժանթինի եւ Պրազիլի մէջ, իսկ Եւրոպայի պարագային` Վրաստանի մէջ:
Ո՞Վ Է ՊՂԱՏՈՆ
Պղատոն փիլիսոփան ապրած է հին Յունաստանի մէջ: Ան հաւանաբար բոլոր ժամանակներու ամէնէն մեծ փիլիսոփան է: Ան յատկապէս շատ ծանօթ է, որովհետեւ անոր գործերուն մեծ մասը հասած է մինչեւ մեր ժամանակները:
Պղատոն ծնած է Ք.Ա. 427 թուականին: Ան սկիզբը մտածած է մտնել քաղաքական ասպարէզ, Աթէնքի մէջ: Սակայն ան կը ծանօթանայ ուրիշ յոյն նշանաւոր փիլիսոփայի մը` Սոքրատեսի հետ: Այս հանդիպումը անոր կեանքին ընթացքը կը փոխէ: Ան բազմաթիւ գործեր կը տրամադրէ Սոքրատեսի միտքը փոխանցելու` հետաքրքրուելով յատկապէս քաղաքականութեամբ, բարոյագիտութեամբ, գեղագիտութեամբ… Ան անդադար ինքզինք կը հարցաքննէր լաւին եւ գէշին մասին, կանխադատումները քննադատելով: Պղատոն կը մահանայ Ք.Ա. 347 թուականին:
ԺԱՄԱՆՑ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ