50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 28 մայիս 1961 )
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ՄԱՅԻՍ 28
ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Գաղթաշխարհի տարածքին վրայ հայ ազատատենչ ժողովուրդը տարիներէ ի վեր կը տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը, հեռու` իր հայրենիքէն, որուն ժողովուրդը, վստահ ենք, այս պահուս լուռ երկիւղածութեամբ կ՛եղբայրանայ արտասահմանի իր ազգակիցներուն հետ` ոգեկոչելու համար յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին շքեղագոյնը յաղթանակներուն:
Որքան հեռանանք պատմութեան այս շքեղ թուականէն, տարիները որքան թաւալին, այնքան աւելի իրական արժէքով կ՛իմաստաւորուի մեր հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան հաստատման այս տարեդարձը:
Մայիս 28 հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն գերագոյն հանգրուանը, թափուած անհաշիւ արիւններուն, անկշռելի զոհողութիւններու պսակումը, ղեկավարութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ ճգնաժամային օրերուն, երբ հայութեան մէկ միլիոնը ոչնչացուցած թշնամին եկած ու կանգ առած էր կոտորակուած հայրենիքի սահմաններուն վրայ, միահամուռ ճակատ կազմեց Արարատեան դաշտին մէջ համախմբուած հայութենէն եւ զէնքի ուժով կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:
Անցան տարիներ: Անկէ ի վեր ուրացումի բազմաթիւ փորձեր եղան: Մեր անկախութիւնը թշնամիին մէկ շնորհը նկատուեցաւ, այն թշնամիին, որուն բանակները իրենց թնդանօթները ուղղած էին Հայաստանի սրտին, Էջմիածնի բարձրասլաց գմբէթներուն: Բայց պատմական ճշմարտութիւնները կամայականութիւններու չեն ենթարկուիր: Փաստերը լեզու կ՛առնեն` պատմելու համար այն հերոսապատումը, որ Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն դրուագուեցաւ` իբրեւ ամէնէն փառաւոր էջը հայոց նորագոյն պատմութեան:
Կարելի է անվարան ըսել, թէ ի՛նչ որ ունինք այսօր իբրեւ հայրենիք (հոգ չէ թէ կտրատուած), կը պարտինք Մայիս 28-ին: Հայաստանի այսօրուան Խորհրդային հանրապետութիւնը քարտէսին վրայ գոյութիւն պիտի ունենա՞ր, եթէ Թուրքիան կարողանար անարգել անցնիլ Արարատեան դաշտէն` իրականացնելով համաթուրանականութեան իր երազը, երբ լենինեան Ռուսիան հաշտ աչքով կը դիտէր քեմալական շարժումները եւ մինչեւ իսկ կը քաջալերէր զայն:
Մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը ինքնավստահութիւն ստացաւ: Չքացաւ այն առասպելը, թէ հայը չի կրնար անկախ ըլլալ, պէտք է ենթարկուի օտարի լուծին եւ բարեկարգութիւններ մուրայ: Այսօր չէք գտներ ոեւէ հայ, որ հոգիով թրքացած չըլլայ եւ սրտով խաթարուած, որ իր գերագոյն նպատակը չնկատէ Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր ժողովուրդին ազատ ու ինքնիշխան կեանքը:
Մայիս 28 շունչ կու տար հայութեան, ապրելու եւ գոյատեւելու վճռական կամք կը ներշնչէր անոր: Նոր արիւն եւ խանդ կը ներարկէր անոր երակներուն: Առանց Մայիս 28-ի` հայութիւնը շնչահեղձ պիտի ըլլար ու անհետ կորսուէր պատմութեան բեմէն` դառնալու համար տարահալած բազմութիւն:
Անիկա կը հանդիսանար պսակումը մեր երկարատեւ պայքարներուն, որոնք մղուեցան անագորոյն թշնամիին դէմ: Հայու արիւնը իր մէջ կը պարունակէր սերմերը այն ոգիին, որ դրսեւորուեցաւ Մայիս 28-ով, դառնալու համար դրօշ` ազատութեան եւ անկախութեան:
Մայիս 28 դրօշակ մը տուաւ հայութեան, իտէալ մը, անկախութեան տենչին իրականացումը, որմէ հայութիւնը չի կրնար հրաժարիլ այլեւս:
Մայիս 28 նուաճում մըն է` ձեռք բերուած մեր հերոսներու արիւնով, հայ ժողովուրդի քրտինքով: Անոր սեփականութիւնն է, անոր էութեան անբաժանելի մասը:
ՄԱՅԻՍ 28
Վեց դարերու խաւարէն ետք, Ազատութեան հորիզոնը կը շառագունէր եւ Ազատութեան արեւը պատրաստ էր ծագելու հայոց աշխարհին վերեւ: Բայց տակաւին կը յամենար ծագելու: Սեւ ամպեր կը ջանային ծածկել զայն: Հակառակ ատոր` յաճախ ճառագայթներ կը թափանցէին հայոց սրտերէն ներս: Ու հայուն տենչանքը` ազատ ապրելու եւ ազատ խօսելու, օր ըստ օրէ կը մեծնար:
Շարժեցաւ հայ ազգը, հայ երիտասարդներ ուխտեցին մահու գնով կերտել Ազատութիւնը: Հայոց շարժումին հետ սկսաւ նաեւ փոթորիկը: Յաջորդական փոթորիկները մերթ յուսախաբութիւն կը բերէին իրենց հետ: Սակայն հայեր աւելի ինքնազոհողութեամբ կը մաքառէին յանուն ազատութեան:
Եկաւ սահմանադրութիւնը` հետը բերելով քիչ մը ազատութիւն, քիչ մը լոյս: Աւա՜ղ, որ երկար չտեւեց այս շրջանը: Օրերէ ի վեր տեղացող անձրեւը հինգ վայրկեան միայն կանգ կ՛առնէր` աւելի ուժգին տեղալու համար:
Եկաւ Համաշխարհային պատերազմը: Սկսաւ քամին փչել հայոց փոքր ածուին վրայ եւ անխնայօրէն հնձել ցորենի հասունցած հասկերը: Զոհուեցաւ մէկ միլիոնը: Բայց հայ երեսփոխաններու մարգարէութիւնը իրականացաւ: Գերմանիան պարտուեցաւ, թալէաթներու ծրագիրները ջուրը ինկան:
Չուշացաւ 1918-ի մայիս ամիսը: Մարտիկները ոգի ի բռին կը կռուէին: Վերջապէս ամպերը փարատեցան, ծագեցաւ մայիս 28-ի առաւօտը: Ազատութեան վառ արեւը կը շողար Հայաստանի վերեւ:
Յուսահատութիւնը տեղի տուաւ լաւատեսութեան, եւ հայ բեկորներ սկսան ծաղկեցնել իրենց քանդուած բոյները: Հրճուանքը համազգային էր: Հայեր կրցան երկաթէ շերեփով ճաշակել հերիսան:
Մէկ երկու տարիներ անցան: Հին աւերակները սկսած էին ծաղկիլ ու երգել: Եկան թուրքն ու ռուսը եւ իրենց ճիրաններուն մէջ խեղդեցին նորանկախ երկիրը: Ազատութեան սրբազան դրօշը ծալուեցաւ եւ մտաւ հայոց սրտերուն մէջ, մինչեւ որ երկաթէ շերեփները գործի անցան, եւ կրցան կտոր մը հերիսայ եւս վերցնել մեծ կաթսայէն, բայց աւա՜ղ, պզտիկ կտոր մըն էր, շուտով լրացաւ…
Մուրճ եւ մանգաղ սանձարձակապէս կը գործէին մեր փոքր ածուին մէջ եւ ստուերի տակ թողուցին թուրքին եաթաղանը: Զգետնեցին հայ ընտրանին, եւ համայն հայ ազգը սարսափի մատնեցին… Հակառակ ասոր` հայը շինեց: Ջարդուեցաւ, բայց միւս կողմէն կառուցեց:
Հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, հայը տակաւին կը կառուցէ` իր սրտին մէջ պահելով ազատութեան վեհ գաղափարը: Գաղափար մը, որ մեռնիլ չի գիտեր, նոյնիսկ` ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուածի մը սրտին մէջ… Գաղափար մը, որ բիւրաւոր զոհեր խլած է, բայց եւ այնպէս տակաւին մնացած է սրբատաշ…
Մայիս 28, որ Ազատութեան գաղափարին մարմնացումն է մեզի` հայերուս համար, պիտի գա՞յ արդեօք ինքզինք կրկնելու: Մենք կը հաւատանք, թէ անպայման պիտի գայ: Թերեւս ոմանք խաբուսիկ հաւատք նկատեն մերը, բայց դարձեալ հաւատք կը մնայ: Առանց հաւատքի` մեր ապագան միշտ մութ պիտի երեւար, եւ մարդկային կեանքը երջանկութիւն պիտի չճանչնար:
Անցեալի պատմութիւնը վկայ` թէ օր մը մայիս 28 անպայմանօրէն պիտի գայ ինքզինք կրկնելու: Շատ մը հզօր կայսրութիւններ եւ բռնակալներ եկած ու անցած են: Շատ մը կայսրեր ու բռնակալներ խրուշչեւներու երազներ երազած են, բայց առյաւէտ կորսուած են: Շատ հզօր պետութիւններ, իրենց ժամանակին բաղդատմամբ աւելի հզօր քան այսօրուան Ռուսիան, պատմութեան անցած են: Մենք հաւատքն ունինք, թէ համայնավարութիւնը պատմութեան պիտի անցնի:
Այդպէս հզօր էր Օսմանեան կայսրութիւնը, քայքայուեցաւ եւ մայիս 28 կերտուեցաւ: Այս այն մայիս 28-ն է, որուն վրայ հիմնուած է այսօրուան Հայաստանը: Պէտք է բոլորը վստահ ըլլան, թէ առանց մայիս 28-ի Սովետական Ռեսպուբլիկան գոյութիւն չէր ունենար:
Օր մը կը շարժի Սասունցի Դաւիթին արձանը: Դաւիթն ու իր Քուրկիկ Ջալալինը միատեղ, թուր կայծակին ճօճելով կը կերտեն նոր մայիս 28, կը կերտեն հայ ժողովուրդի ապագան եւ անոր երջանկութիւնը…
ԳԵՒՕ