ՄԱՅԻՍ 28-Ի 93-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԱՆՁՆԱԳՐՈՎ ՀԱՅԵՐ ԴԱՐՁԱՆՔ
Ի՞նչ եղան 1918-ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետները, պոլշեւիկեան Հայաստանի տիրապետութենէն ետք.- Քաջազնունի, Օհանջանեան, Խատիսեան, Վրացեան:
Ի՞նչ եղան ռմբահարուած մեր հանրապետութեան քաղաքագէտներն ու մշակոյթի գործիչները. Շանթ, Աղբալեան, Գիւզալեան, Իփէկեան, Օշական:
Ի՞նչ եղան մեր անկախութեան հերոս կռուողները. Սասունի, Շահպազ, Մուշեղ:
Հերոսները ճակատամարտի մը չեն պատկանիր միայն, այլ` իրենց ժամանակին, բոլոր ժամանակներուն: Չեն պատկանիր քաղաքի մը, այլ` ամբողջ երկրին, ամբողջ ազգին:
Ի՞նչ եղան արցախեան դիւցազներգութեան մեր ժամանակակից հերոսները, որոնք կտոր մը հացի համար կը չափչփեն Ղրիմի, Սոչիի, Ստաւրոփոլի, Քրասնոտարի, Սիպերիոյ եւ այլ օտար անհիւրընկալ մայթեր:
Այսօր ինչո՞ւ մեր երիտասարդները գաղափար չունին անցեալի մեր հերոսներուն մասին: Ինչո՞ւ հեռացած է իրենց ժամանակը մեր ժամանակէն: Նոր մտայնութիւնները շրջանցած են ազգային արժէքները, թէեւ ազգերու պատմութիւնը կապակցուած է մարդուն հետ, որուն տրամաբանութիւնը այլեւս փոխուած է: Մարդուն համար ուրիշներ կ՛որոշեն: Երբեմն ոմանց կողմէ մարդոց կարծիքը կ՛ուզուի` պարզապէս իրենց սեփական կարծիքը հաստատելու ակնկալութեամբ:
Մեր պատմութիւնը մեզի համար սրբազան շարունակութիւն մը կը կազմէ: Ժամանակակից պատմագէտներ կրնա՞ն պարզօրէն բացատրել, թէ ինչո՞ւ քիչ մը ամէն տեղ երիտասարդները չեն խանդավառուիր անցեալի հերոսներով ու հերոսութիւններով: Ինչո՞ւ հայը այսքան անտարբեր ու անկարգապահ դարձած է իր պատմական արժէքներուն նկատմամբ: Անոնք, որոնք ազգային արժանիքներով կը սնանին` մեր հաւաքականութիւններուն մէջ, ատենէ մը ի վեր փոքրամասնութիւն կը կազմեն արդէն:
Երբ 2-3 սերունդ կ՛անցնի, կը թուի, թէ աւելի կը դժուարանայ անցեալի հերոսը ճանչնալը, նաեւ` ընդունիլը, հերոսութեան տարողութիւնը իր ճիշդ համեմատութիւններով գնահատելը, որովհետեւ հերոսութեան խորհուրդը կը տժգունի եւ ատոր պատճառով ալ յեղափոխութեան ու անկախութեան գաղափարը իր դիմագիծը կ՛այլափոխէ: Կը վերածուի կրճատուած թերյեղափոխութեան, սահմանափակուած թերանկախութեան: Անհրաժեշտ է գտնել յեղափոխութեան հետ հաղորդակցելու նոր լեզու մը. որեւէ յեղափոխութիւն չի կրնար կամայականօրէն զանցել իր ժամանակը եւ այդ ժամանակին արժէքը, հետեւաբար արդար է պահանջել, որ Հայաստանը տարածուի հոն, ուր իր արիւնը թափած է:
Պատմութիւնը ժամանակի առանձնաշնորհում չունի: Պատմութեան անգիտութիւնը ատեն մը ներելի էր, այլեւս ներելի չէ:
Ժողովուրդները մէկ օրէն միւսը չեն հասուննար: Հայ ժողովուրդը բաւարար կերպով հասո՞ւն է, հասունցա՞ծ է իր ազատութեամբ, իր անկախութեամբ, անկախութիւններով: Իր անկախութիւնը ժողովրդավարականացուցա՞ծ է: Այս երկուքն ալ թթուածինի պէս են եւ ջուրի բաղադրութեան պէտք ունին:
Մեր հայրենի անկախութեան դիւցազնամարտին մասնակցողները տասը տեսակ տրամաբանական կամ անտրամաբանական պատճառներ չունէին այդ պատերազմին մասնակցելու համար: Մէ՛կը, ազգայի՛նը կը բաւէր: Այդ իսկ պատճառով ամբողջ ժողովուրդը զինուոր դարձաւ. պատերազմի արուեստը գիտցողն ու չգիտցողը` հաւասարապէս: Պատերազմ չեղաւ սովորական բանի մը հակազդելու սիրոյն: Պատերազմ եղաւ, որովհետեւ անկախութիւնը իր ժամանակի պահանջ էր: Կռուողները զտարիւն հայեր էին, այլեւայլ օտարներ կամ վարձկաններ չէին: Անկախութեան համար բոլոր կռուողները նմանութիւն մը ունէին: Նոյն գաղափարին համար մարտնչիլը, նոյն գաղափարով կը միացնէ հայրենանուէր զինակիցները: Անոնք պատերազմի զաւակներ էին, անոր համար ալ շահեցան պատերազմը` իրենց յաղթանակը հարազատ զաւկի վերածելով:
Այսօր, հայկական դպրոցներու դասարաններու պատերուն վրայ մեր հերոսներուն նկարները կը կախուի՞ն: Տեղ-տեղ սեւ-ճերմակ, կամ գունաւոր, հայրենի քարտէս մը կ՛երեւի՞: Պարզ է, որ քարտէս ունենալու համար իրաւախոհութեան տեսակէտ պէտք է ունենալ. տեսակէտ ունենալու համար ալ նաեւ ինքնավստահ հայրենասիրութիւն, ապա նաեւ լայն ու խորունկ գիտութիւն` պատմութեան շուրջ:
Հերոսները կը սիրենք յետմահու, քանի իրենց կենդանութեան մենք մեռցուցած կ՛ըլլանք մեր թերագնահատուած անտարբերութեամբ: Կը թուի, թէ հերոսները տարբեր են պատերազմի ժամանակ, տարբեր` խաղաղութեան օրերուն:
Հայերը անհրաժեշտ սէրը ունի՞ն իրենց հերոսներուն հանդէպ: Կը ներէք, որ մեր օրերուն կը ստիպուինք նման աններդաշնակ հարցումներ կատարել: Վստահաբար որեւէ պատասխան ալ չենք սպասեր, քանի հերոսը արժէքներու համընդհանուր ամբողջութիւն մըն է, որ կրնայ մեր այսօրուան հակադրոյթ իրականութեան ամբողջովին չհամապատասխանել:
Հարցումներ կան, որոնք պատասխաններէն աւելի երկար կ՛ըլլան, թէկուզ ըսելիք ունենան, թէկուզ յաճախ ալ բնաւ ըսելիք չունենան: Մարդիկ կ՛ապրին իմաստալի կամ իմաստազուրկ հարցումներով ու պատասխաններով, ինչպէս կ՛ապրին համոզիչ կամ անհամոզիչ անցեալով ու ներկայով:
Մեր իրականութեան անհամաչափութեան փաստը տուող օրինակ մը տամ: Հայոց պատմութիւնը լեցուն է հերոսներով, այն տպաւորութիւնը տալով, որ մեր հերոսները, մեր ոչ հերոսներէն աւելի շատ են: Այս մէկը յառաջ կու գայ հերոսներու արտակարգ թիւէն, թէ՞ հակառակը: Պատասխանը առարկայական չի կրնար ըլլալ: Արդէն, մտածող փիլիսոփայ Քանթը կը պնդէր, թէ հաւասարակշռող առարկայականութիւն գոյութիւն չունի. այդ մէկը մարդու հաւատարմագրուած հնարք է, քանի նոյնինքն պայմանաւորուած մարդը ենթակայական երեւոյթ է:
Իրականութիւն է, որ մեր անկախութիւնը մեր ուզածին պէս չեղաւ, նայած անոր զարգացումներու ձեւին եւ ձեւի առաջնահերթութիւններուն: Անկախութիւնը իրեն հետ կը բերէ անցեալի ժամանակներէն կուտակուած խաբուսիկ խնդիրներ, բայց միշտ դէպի առաջ կը նայի: Անցեալին այդպէս էր, այսօր ալ այդպէս է, կը մնայ ստուգել, եթէ մենք ժամանակին մէջ անհրաժեշտ արագութեամբ ու հնազանդութեամբ կը շարժինք:
* * *
93 տարի առաջ անկախութեան յեղափոխութիւնն էր, որ հայրենիք կերտեց: 93 տարի վերջ այդ յեղափոխութեան կրակը մարած է եւ կարելի չէ նոր սերունդները հինի ճղակոտոր աճիւններով ներշնչել: Յեղափոխութիւններուն առանձնաշնորհումը սովորաբար ազգի միացման կը յանգի: Այսօր միացա՞ծ ազգ ենք: Պատասխանը դրական չի կրնար համարուիլ. եւ միացած չենք, որովհետեւ յեղափոխութիւն չկայ, բայց նաեւ անոր ոգին ու հետքը կը չքանայ: Մեր արեան կապը խզուած է, մեր արեան հոսքը դադրած է: Ժամանակին` ժամանակի ընտրութիւն ունէին անոնք, որ հայրենիք կը կերտէին: Հիմա` ժամանակի ընտրութեան տրամաբանութիւնը առաջնահերթ չէ, որովհետեւ հայրենիքը ամբողջականացնելու միտումը տժգունած է հոգիներուն մէջ` տեղի տալով եղածը պարզապէս պահպանելու ներամփոփ ու եսակեդրոն անհրաժեշտութեան ու համակերպած կարիքի:
Ահա՛ այսպիսի մթնոլորտ կը ստեղծուի, երբ հայրենիքին մէջ մաշում կայ եւ այդ մաշումէն մանաւանդ մաշածներն են, որ կ՛օգտուին: Այս մթնոլորտը կը ստեղծուի նաեւ, երբ հայրենիքի գաղափարը ստորագնահատուած կ՛ըլլայ նոյնիսկ իր պարունակին մէջ:
Եթէ պատմութիւնը լրիւ սորվեցուցած ըլլայինք, գուցէ փրկած ըլլայինք անցեալը, եւ մեր կեանքը այնքան պառակտուած չէր ըլլար անցնող տասնամեակներուն ու այսօր, եւ մենք, ազգայնօրէն աւելի առողջ ու պատմականօրէն աւելի հաւասարակշռուած կ՛ըլլայինք:
Առաջին հանրապետութեան կորուստով ամբողջ դարաշրջանի մը կորուստը կ՛արձանագրուի: Կ՛ափսոսանք, քանի պատմութիւնը միայն կանխամտածուած պատմութիւն պատմել չէ փոքրերուն, նաեւ` մեծերուն ու քիչ մըն ալ աւելի մեծերուն, որովհետեւ դեռ չենք կրցած յստակացնել, թէ պատմութիւնը ո՛ւր կը սկսի, ո՛ւր կը վերջանայ: Որոշ սահմանէ մը ետք, ժողովուրդի պատմական հասունութեան ու ըմբռնողութեան խնդիր կը ծագի, երբ մանաւանդ յաճախակիօրէն կը շարունակենք մեր թիրախները մասնագիտացած չտեսնել` յարձակողական Թուրքիոյ մը դիմաց հաւասարակշռող ազդու ուժ դառնալու համար: Ի՜նչ է, կորսնցուցած ենք անկախութեամբ ձեռք ձգուածը հաստատօրէն պահպանելու մշակո՞յթը: Կ՛ուզենք կարիճի վերջաւորութի՞ւն ունենալ: Գիտէք` կարիճը անձնասպան կ՛ըլլայ իր իսկ թունալից խայթոցով, երբ կը զգայ, թէ վտանգով շրջապատուած է:
Պատմութեան սխալները արդարացնելը թերատեսօրէն բան մը ծածկել կը նշանակէ: Կը խօսինք ընդհանուր պատմութեան մասին, որուն մէջ կը ներառուի հայոց պատմութիւնն ալ: Վերջ ի վերջոյ պատմութիւնը միայն հայերու copyright-ը չի կրնար համարուիլ: Պատմութեան լրիւ ճշմարտութիւնը պէտք է դասաւանդուի սերունդներուն: Կէս իրականութիւնը իրականութիւն չէ: Ամբողջ իրականութեան համար պէտք է անկեղծօրէն գրկել սերունդները: Փորձառու ու գիտակ երկխօսութիւնները նուազ կ՛արժեն ունայնաբան ու փրփրալից մենախօսութիւններէն:
Մեր պատմութենէն անտեսած ենք որոշ բաներ, սիրելով հանդերձ պատմութիւնը այն հայրենիքին, որ մերն է:
Մեր պատմութեան համար ամէնէն ծանր խօսքը մենք ըսած ենք մեզի համար: Հայը իր երկրին մէջ շնորհազրկուած մրցակիցի պէս բան մը համարելով կարծես: Պետութիւնները քաղաքացի կը պատրաստե՞ն: Անշուշտ, ոչ այն սահմանափակ հոգեբանութեամբ, որ ինչ որ քաղաքագէտն ու պետական գործիչը կ՛ըսեն ու կ՛ընեն` լաւ է ու ճիշդ, բայց ինչ որ քաղաքացին կ՛ըսէ ու կ՛ընէ` գէշ է ու սխալ: Մե՜ղք, դարձեալ սկսանք չհասկցուիլ որակական բնորոշումով հարցերու մէջ:
Կիսաժողովրդավար երկիրներ կմկմալով կը խօսին այն բաներուն համար, որ հարցուած են. չեն խօսիր այնպիսի բաներու համար, որ հարցուած չեն: Ժողովրդավարութիւնը մեր ուզած ձեւով, մեր ուզած ատեն, այստեղ-այնտեղ չի տեղափոխուիր: Ժողովրդավարութեան մէջ գաղտնի դիւանագիտութիւնը ընդունելի չէ: Բայց հայրենի ղեկավարութիւնը պէտք է սորվի, մանաւանդ հասկնայ, որ ճշմարիտ ժողովրդավարութիւնը վարէն կը սկսի ու հերթաբար դէպի վեր կ՛ելլէ, եւ ոչ թէ վերէն դէպի վար կը պարտադրուի: Ժողովրդավարութիւնը պարտադրելով չ՛ըլլար. համոզելով կ՛ըլլայ, մասնակցելով կ՛ըլլայ, հաղորդակցելով կ՛ըլլայ: Ցաւով կը հաստատեմ, որ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ իսկ աւելի մեծ մամլոյ ազատութիւն կայ, քան Հայաստանի: Ո՞ւր փնտռել ազատ մամուլի չափանիշին մշակոյթը: Հայրենասիրութիւնը բացարձակ իշխանութիւն ունեցող վարչակարգի անշնորհք մենաշնորհը չէ: Իրական յառաջդիմութիւնը անցեալը ճանչնալ, ներկան դիմագրաւել ու ապագան տեսնելու մէջ կը կայանայ. համընդհանուր արժէքներու ճանաչումով կ՛ըլլայ: Թատրոն խաղացողները շատ կ՛ըլլան, սակայն արժանի ու տաղանդաւոր դերասանները` քիչ:
* * *
Ինչո՞ւ պատմութեան ընթացքին մեր դաշնակիցները միշտ ալ լքած են մեզ: Արցախի մէջ ալ նոյնը պատահեցաւ: Ոչ միայն լքեցին, այլ հակառակեցան, մեր դէմ փամփուշտ պարպեցին: Եկէք` միամիտ չըլլանք. վաղն ալ նոյնը կրնայ կրկնուիլ: Ըսէք, խնդրեմ, վերջին տասնամեակներուն քանի՞ հատ դաշնակից շահեցանք: Կրնա՞նք մեր իրական դաշնակիցներուն անունները թուել, որպէսզի մենք ալ գիտնանք, թէ իսկապէս որո՞նք են անոնք:
Գիտենք, որ պատերազմ առանց դաշնակիցներու չ՛ըլլար: Օտարները, որոնց շնչահատօրէն կ՛ապաւինինք, միշտ ալ ամէնէն լուրջ մարդիկը չեն:
Հայաստանը իր աշխարհաքաղաքական դիրքին պատճառով երբեք ազատ ու անկախ չէր, ինչպէս ազատ ու անկախ չեն այն երկիրները, որոնք անցեալին Մետաքսի ճանապարհը կը միացնէին, իսկ հիմա` քարիւղի: Դաշնակիցները չեն յարգեր արդարութիւնն ու իրաւունքը, այլ` զօրաւորը: Իրաւունք ունիս այնքան, որքան կրնաս պաշտպանել զայն: Թուրքիան հետամտօրէն արտաքին քաղաքականութիւն կ՛արտադրէ ու կ՛արտածէ, որ բոլորը կը յարգեն: Հայաստանը կ՛արտադրէ՞, կ՛արտածէ՞: Քեզ կը յարգեն, երբ ինքզինքդ կը յարգես: Երբ կը վախնաս, վախի սպառնալիքը քու դէմդ կը դառնայ: Բարոյական պատճառներ տեղ չունին պետութիւններուն մօտ. մանաւանդ` մեր անճրկած ժամանակներուն:
Հայերը Հայաստանը ազատ ու անկախ երկիր կը համարե՞ն: Կորսուած առիթներու մռայլ պատմութիւն մըն է հայոց պատմութիւնը:
Վերջին տարիներուն մեր անկախութիւնը ներշնչման պարապ մը ունի:
Վերջին 100 տարիներուն մեր ազգը աւելի իմաստուն դարձաւ, բայց այդ իմաստութիւնը բովանդակալից կերպով դրսեւորելու հնարաւորութենէն զրկուեցաւ կարծես: Չկրցաւ բարելաւել իր աւանդական իմաստութիւնը եւ խեղդուեցաւ ինքն իր մէջ:
Վերջին 20 տարիներուն Հայաստանի մէջ 300-է աւելի գրադարաններ փակուեցան: Մարդ ինչպէ՞ս աւելի իմաստուն կրնայ դառնալ առանց բաց, թէկուզ փոշեթաթախ գրադարաններու:
Հայաստանի ժողովուրդը համայնավարութեան օրով եւ իր ընթերցասիրութիւնը յատկանշող վարակիչ մղումով շատ աւելի գիրք կը կարդար: Հիմա՞:
Համայնավարութեան օրով Հայաստան գիտնականներ կ՛արտադրէր: Անկախութենէն ետք գիտնականները կորսուեցան, չքացան: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ: Ո՞վ պիտի բացատրէ, թէ ինչո՞ւ չքացողները նախընտրեցին Ռուսիան, Գերմանիան, Ամերիկան, Աւստրալիան, Սկանտինաւեան երկիրները, մինչեւ Ղազախստանը:
Ահա՛ երազի մը փոխանցման ձախողութիւնը: Նոր սերունդը յանցաւոր չէ: Գիտենք, թէ խորհրդային տարիներուն ամէն մէկը ի՛նչ ճպոտ շարժեց:
Ի՛նչ ալ ըլլայ, մենատիրութիւններ կամ կիսամենատիրութիւններ, կիսանկախ, կիսաժողովրդավար վարչակարգեր, իրաւ հայրենակիցներու չեն կրնար արգիլել, որ ազատօրէն երազեն: Մարդիկ կան, որ իրենց միլիոններով կը ճշդեն հայրենիքի ներկան ու ապագան: Անոնք ալ հայ են վստահաբար, բայց թոյլ տուէք, որ ըսեմ, թէ ես անոնց հետ նոյն հայրենիքը չունիմ: Ոմանք կարծելով, որ քաղաքագէտ են, կը թուի, թէ համոզուած են, որ պատմութեան էջերը լայնօրէն պիտի բացուին միայն իրենց առջեւ: Փաստօրէն կ՛որոշեն մեզի համար, առանց մեզի, կարծես մենք բոլորս խարխուլ անթացուպով մարդիկ ըլլայինք: Համոզումով ըսած եմ միշտ. հաւատացէ՛ք բանաստեղծներուն, հաւատացէ՛ք գրագէտներուն, հաւատացէ՛ք մտաւորականներուն, մի՛ հաւատաք քաղաքագէտներուն: Քաղաքականութիւնը թուականի հարց է, այսինքն աւարտի անխուսափելի թուական ունի:
Ազգ մըն ենք, որ շուտ կը խանդավառուինք, շուտ կը յուզուինք, շուտ կը բարկանանք, շուտ ալ կը յուսախաբուինք: Բայց շատ ալ կը տրտնջանք: Տրտունջը մեր պարագայական մշակոյթին մաս կը կազմէ: Կայ նաեւ դժուար արտասանելի այն բառը` «կոռուպցիա»ն, որ աւելի քան համաշխարհային երեւոյթ է. բայց ախոյեաններ ալ կան, որ ծայր աստիճան ախոյեանի պէս կ՛ապրին: Ասոր կողքին, սակայն, կայ փիլիսոփայ Պլուտարքոսի պատգամը, որ բոլոր ժամանակներուն մէջ նոյնքան այժմէական է. քաղաքագէտին մեծագոյն առանձնաշնորհումը իր սակաւութիւնը պէտք է ըլլայ. քիչով գոհանալու առաքինութիւնը:
* * *
Հայաստանի ժողովուրդը իր թանգարանները կ՛այցելէ՞:
Անկախութենէն ետք Երեւանի հրապարակներէն մէկուն վրայ ընկերներով սուրճ կը խմէինք: Մեզի մօտեցան 10-12 տարեկան քոյր-եղբայր տղեկ ու աղջնակ մը: Փայտաքանդակ խաչքարեր կը վաճառէին, իրենց հօր կողմէ պատրաստուած: Երբ հարց տուի, թէ ի՞նչ պիտի ընէին այդ վաճառքէն գոյացած գումարը, անոնք խանդաղատանքով պատասխանեցին, թէ Սարդարապատի մասին շատ լսած են, բայց երբեք առիթ չեն ունեցած այցելելու, ուստի կը փափաքին գոյանալիք գումարով Սարդարապատի համալիր եւ Ազգագրական թանգարան այցելել ու իրենց մանկութեան երազը իրականութիւն դարձնել: Հասկնալի է, որ այդ երկու պատանիներուն լուսամիտ մէկը դաստիարակած է, բայց վստահաբար` ոչ անոնք, որոնք լիազօրուած են նոր սերունդի լուսաւոր դաստիարակութեամբ, թէկուզ` դպրոցներու կրթադաստիարակչական ծրագրով:
Եթէ այս պատանիներու արիւնային ծագումն ու վարարող ապրումները ուռճանային, փոխանցուէին ու վարակէին ուրիշներ ալ, առնուազն պիտի համոզուէինք, որ հայը միայն այն չէ, որ իր սեփական անձնագրին վրայ իր ազգային պատկանելիութիւնը կը նշէ: Միեւնոյն երկընտրանքը ի զօրու է բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց ազգային պատկանելիութեան հարցերը կը դժուարանան ճշդորոշելու: Նաեւ անոնց, որոնք հայօրէն դաստիարակուած չեն, բայց բնազդով ընդունուած հայեր են: Հայրենասիրութիւնը տեւաբար պէտք է մշակուի մարդու հոգիին մէջ, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը մարդու հոգւոյն մէջ է եւ ոչ թէ` խօսքերուն: Մարդու գործը կը պատկանի միայն մարդուն:
Զուտ անձնագրով հայեր ուրկէ՞ կը ներշնչուին. Աստուածաշունչէ՞ն, կառավարութենէ՞ն, կուսակցութիւններէ՞ն, անկախութենէ՞ն: Տիրող-տիրապետող գաղափարաբանութիւններու կը ծառայե՞ն, կը մատուցուի՞ն:
Հայը հերոս է, երբ հայու պէս կ՛ապրի: Ներեցէք սակայն, բոլոր հերոսները հերոս չեն: Հերոս կայ, որ դիակի վրայ կը յարձակի: Այդ մենաշնորհը անառարկելիօրէն թուրքին կը պատկանի: Թուրքը այդ առաջնութիւնը ուրիշին չի շնորհեր: Շաթոպրիան կ՛ըսէր. «Որովհետեւ Թուրքիան քաղաքակրթուիլ կ՛ուզէ, չի նշանակեր, որ կը քաղաքակրթուի: Ընդհակառակը, Թուրքիոյ ճամբով բարբարոսութիւնը կը ներմուծուի Արեւմուտք»:
* * *
Մինչեւ որ Մուսթաֆա Քեմալ իշխանութեան գլուխը գայ, թրքական դպրոցներուն մէջ յամառօրէն կը դասաւանդուէր, թէ աշխարհի առաջին լեզուն թրքերէնն է: Թուրք աշակերտներ ու ժողովուրդ կը սորվէին, թէ իրենց լեզուն աշխարհի առաջինն է, եւ թէ` մարդկութեան բոլոր լեզուները թրքերէնէ ծնունդ առին:
Հիմա մենք ի՞նչ պիտի ըսենք թուրքերու ժամանակակից դաստիարակներուն եւ անոնցմէ հետեւողականօրէն դաստիարակուողներուն: Անցեալի մարդիկը անգրագէտ էին, նորերուն համար ալ ընդարձակուող գրագիտութիւնը վերջ չունի, բայց երբ գրագիտութեան կը խառնուի կեղծիքը, պատմական ուրացումը…: Հարկ է ամէն բան իր անունով կոչել. նաեւ` իմաստով:
Ճշմարտութիւնը վստահութեան հետ կապ ունի: Միայն վստահութեամբ կրնայ վսեմանալ ճշմարտութիւնը, որովհետեւ ան մեր մտածումին մէջ է եւ մեր մտածումով կ՛աճի, կը սերտաճի, կը համակարգուի:
Թուրքիան իր համակարգային ճշմարտութիւնը բարելաւելու հնարաւորութիւն չունի: Երբեմն դեղահատը հիւանդութենէն աւելի գէշ կ՛ըլլայ:
Աշխարհի բոլոր կեղծ ճշմարտութիւններուն դէմ կրճտող ակռայ ցոյց պէտք է տրուի: Փոքր ակռաները երբեմն մեծերէն աւելի խորունկ կը խածնեն, աւելի կը ցաւցնեն:
Յարձակումը լաւագոյն պաշտպանողականն է: Գիտենք, բոլոր պատերազմները յաղթական չունին, բայց ցուլը տեւաբար կոտոշէն պէտք է բռնել ու հակակշռել անոր զսպուածութիւնը նաեւ անսանձ յարձակողականութիւնը:
Հայաստանն ու հայը պէտք է տիրանան մաքուր ու հնչեղ ձայնի մը եւ այդ ձայնով հրապարակ գան աշխարհին: Մեր ձայնը նկարագիր պէտք է ունենայ եւ սխալ կրկնութիւններէ խուսափի: Մեր անկախութիւնը մեր մտքին մէջ է: Անկախութիւն` կը նշանակէ ճանչնալ անցեալը, տեսնել ապագան, տիրանալ ապագային:
Հայաստանը խորունկ կը շնչէ երկու թոքերով. մէկը սփիւռքն է:
Հայրենիքը մեր տարբերութիւններու եւ տարակարծութիւններու հանգրուանը չէ. մեր հանդիպման միացման կէտն է: Հայրենիքները ծնան այն օրէն, որ մարդը ծնաւ. հետագայ դարերուն մէջ ալ մարդ իր հայրենիքը իր ձեռքով կառուցեց: Բայց պատմութեան ընթացքին աշխարհիս վրայ կորսուեցան 120 տարբեր ազգեր: Միջնադարուն Ամերիկայի կարմրամորթները 6 միլիոն էին, հիմա քանի մը հազար մնացին. կորսուեցան ջարդերու ու պատերազմներու մէջ: Պատերազմը դուն չես տանիր, այլ քեզ կը տանի:
Փոքր ազգ` տկար ազգ չի նշանակեր: Փոքր ազգ` փոքրոգութիւն չի նշանակեր: Թիւը չէ, որ կը պարտուի, մարդը կը պարտուի, իր գաղափարը կը պարտուի:
Բոլոր ժամանակներուն մէջ Հայաստանը մեր մտքի ու մտածումի պարարտ շտեմարանն է: Հիմա մտահոգուած ենք այս կտոր մը հողակտորով, որ մնացած է: Մեր կացութիւնը կը դատենք մեր այսօրուան իրականութիւնը կողմնորոշող տուեալներով ու տրամաբանութեամբ: Այդ իսկ պատճառով կէտ կը դնեմ, գծիկ չեմ դներ:
Կա՛մ պատմութիւնը մեզ պիտի գրէ, կա՛մ պիտի ջնջէ:
ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Աթէնք