Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզի Լիբանան կատարելիք այսօրուան այցելութիւնը յետաձգուեցաւ յաջորդող շաբթուան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ լիագումար նիստին պիտի քննարկուին շուրջ 45 օրինագիծեր, որոնց մաս կը կազմէ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներու հանգստեան կոչուելու տարիքի բարձրացման յատուկ օրինագիծը:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ապրայի մէջ ինկած բանակի նահատակներուն համար:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանան գտնուող բրիտանացի քաղաքացիները զգուշացուց լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ շրջագայելէ:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ ազգային երկխօսութեան` իբրեւ երկրին քաղաքական տագնապին լուծման միակ միջոց:
ԱՄԱԼ շարժումի փոխնախագահ շէյխ Հասան Մասրի յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով ձեռք պիտի երկարեն` լիբանանցիներուն համար նոր կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով:

