Վարչապետ Սալամ Էխհորեսթի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Էխհորեսթ եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Սայտայի մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Էխհորեսթ Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան ապահովական բոլոր ուժերուն, յատկապէս բանակին:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց, ըլլան անոնք տնտեսական` սուրիացի գաղթականներու հարց, կամ քաղաքական` կառավարութեան կազմութեան խնդիր:

Էխհորեսթ կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսանը, որ կոչ ուղղեց չափ ու սահման ճշդելու այն ուժերուն, որոնք երկրին կարգ ու կանոնին չեն ենթարկուիր:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ Սալամի հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, կառավարութեան կազմութեան առումով Սալամ շեշտեց, որ ինք կը վստահի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ջանքերուն: Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք իր սկզբունքներէն անշեղ կը մնայ` աւելցնելով, որ ինք պիտի հրաժարի, եթէ կառավարութեան մաս կազմող որեւէ կողմ հրաժարի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )