Մանսուր. «Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Գաղթականներուն Իրավիճակը Վտանգաւոր Դարձած Է»

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը վտանգաւոր դարձած է` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը Լիբանանին ծանր բեռ կը պարտադրէ:

Մանսուր նշեց, որ նուիրատու պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուած գումարներն ու նիւթական օժանդակութիւնները անբաւարար են եւ անոնք հազիւ թէ 20 առ հարիւրի կարիք մը կը հոգան:

Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է մէկ միլիոն երկու հարիւր հազարի:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու գաղթականութեան նախարարի օգնական Ան Ռիչըրտ երէկ այցելեց Պէյրութ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու հարցերու պատասխանատուներուն հետ` քննարկելու համար անոնց օժանդակութեան եւ հոգատարութեան իմաստով տարուած աշխատանքները:

Ռիչըրտ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի գաղթականութեան հարցերու պատասխանատու Նենթ Քելիի հետ եւ բարձր գնահատեց Լիբանանի հսկայական ճիգերը` գաղթականներու պաշտպանութեան եւ անոնց մարդկային իրաւունքները յարգելու առումով անոր ցուցաբերած յանձնառութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES