Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Բանակը Հեղինակազրկող Վիտէոներուն Մասին Հետաքննութիւն Բանալու

Զօր. Քահուաժի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Ապրայի ճակատումին մանրամասնութիւնները:

Միքաթի դրուատեց բանակին դերակատարութիւնն ու անոր զոհողութիւնները` պահպանելու համար Լիբանանը, ինչպէս նաեւ խորին ցաւակցութիւններ փոխանցեց զինուորականներուն նահատակութեան առիթով:

Միքաթի շեշտեց, որ բանակին դէմ նիւթուող բոլոր դաւադրութիւններուն դէմ պէտք է պայքարիլ` միաժամանակ հաստատելով բանակին կողմէ բոլոր քաղաքացիներուն հետ հաւասարութեամբ վարուելու անհրաժեշտութիւնը:

Միքաթի կոչ ուղղեց նաեւ բանակը հեղինակազրկող վիտէոներուն մասին հետաքննութիւն բանալու:

Միքաթիի այցելեցին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին եւ անոր տեղակալը` Ռոպըրթ Ուաթքինզ:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ Միքաթիի փոխանցած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող Քի Մունի տեղեկագիրը, որ յաջորդ երկու օրերուն ընթացքին պիտի հրապարակուի:

Միքաթի ընդունեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի նաւահանգիստին վերաբերող հարցեր:

Միքաթիի այցելեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շեքիպ Քըրթպաուի, որ հրաժարեալ վարչապետին փոխանցեց դատական իշխանութիւններուն կողմէ հրապարակուած պատժական տնօրինումները:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք թուրք դեսպանը հաստատեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES