Վ. Սապունճեան Քննարկեց Լիբանանեան Գինիի Շուկայադրումի Միջոցները

Սապունճեան` Գինեգործներու լիբանանեան համադաշնակցութեան պատուիրակութեան հետ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Գինեգործներու լիբանանեան համադաշնակցութեան նոր նախագահ Զաֆեր Շաուին, ինչպէս նաեւ համադաշնակցութեան վարչական խորհուրդը:

Հանդիպումին ընթացքին անոնք նախարար Սապունճեանին շնորհակալութիւն յայտնեցին Որթատունկի եւ գինիի ազգային հիմնարկի հիմնադրութեան համար անոր ի գործ դրած ջանքերուն առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ խաղողի մարզին իրավիճակը եւ լիբանանեան գինիին գտած համաշխարհային տարածումը:

Վ. Սապունճեան անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան արտադրութիւն նկատուող գինին շուկայադրումի առիթ ստանայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան կ՛ամբողջացնէ համեղ գինի ըլլալու բոլոր չափանիշները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան գինին շուկայադրումի ենթարկելու տարբեր ձեւերը:

Share this Article
CATEGORIES