Պըրրի – Արիտի Հանդիպում

Արիտի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով Սայտայի զարգացումներն ու բանակին իրագործումները:

Այս ծիրին մէջ քննարկուեցան նաեւ Սայտայի միջադէպին տուն տուող դրդապատճառները:

Արիտի բարձր գնահատեց Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերը` բանակին զօրակցութեան ի խնդիր:

Արիտի շեշտեց, որ բանակն է երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորողն ու լիբանանեան պետութեան եւ անոր հեղինակութիւնը վերահաստատողը:

Արիտի յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելէ ետք կարելի է այլեւս քննարկել կառավարութեան կազմութեան հարցը: Ան նշեց, որ իրենք համաձայն են կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու կարեւորութեան, որովհետեւ անիկա կարեւոր է բոլոր լիբանանցիներուն համար:

«Բոլորը գոհացնող կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են», ըսաւ Արիտի:

Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ժոզեֆ Հաշեմ: Քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 4 յուլիսին:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելում շնորհելու օրինագիծը:

 

Share this Article
CATEGORIES